Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Արաբական ծովին մէջ արգելանքի տակ առած է օտարերկրեայ քարիւղատար նաւ մը, որ քարիւղ կը տեղափոխէր դէպի արաբական երկիրներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն` յղում կատարելով Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին:
Քարիւղատար նաւը մաքսանենգուած 700.000 լիթր վառելանիւթ կը տեղափոխէր: Անոր անձնակազմի 7 անդամները կալանաւորուած են:



