Արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ շաբաթավերջին Արեւմտեան Պեքաայի Հաուշ Հարիմա շրջանին մէջ հովանաւորեց պետական քննութիւններուն յաջողած աշակերտներուն մեծարանքի հանդիսութեան, որուն ընթացքին ըսաւ. «Ոչ ոք կը փափաքի վարչապետին իրաւասութիւններուն կամ Թաէֆի համաձայնագիրին դպչիլ: Մի՛ հաւատաք այն բաներուն, որ կը լսէք»:
Մըրատ նկատել տուաւ, որ նախապէս շատ գրգռութիւններ կատարուած են` աւելցնելով սակայն, որ իրենք կառչած եւ յանձնառու մնացած են իրենց սկզբունքներուն: «Մենք չենք փոխուած, մեր խոստումները կատարած ենք եւ տակաւին կը գործենք այդ իմաստով, մինչ ընտրական շրջանին նախապատրաստուած սադրանքներուն միակ հետեւանքը եղած է բաժանումը», շեշտեց ան:
Մըրատ ընդգծեց, որ Պեքաայի մէջ իրենք եղած են առաջինները, որոնք քաղաքական գործակցութեան ձեռք երկարած են, սակայն ոչ ոք ընդառաջած է այդ առաջարկին, որ իտէալական էր Պեքաայի եւ անոր բնակիչներու զարգացման ու բարգաւաճումին համար:
Ան դարձեալ գործակցութեան կոչ ուղղեց բոլորին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց բոլորին հետ համագործակցելու` նախ եւ առաջ մաքրելու համար Լիթանիի ապականումը եւ Պեքաայի բարգաւաճման ի խնդիր ամէն ջանք ի գործ դնելու:



