Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 15-րդ Ամառնային Ճամբարները Սկիզբ Առին

August 5, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը 31 յուլիսին Հայաստանի մէջ սկսաւ իր 15-րդ ամառնային ճամբարը, որ կը զուգադիպի ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակին:

Ութ ընկերներ արդէն իսկ Հայաստանի եւ Արցախի չորս տարբեր շրջաններու մէջ կը գտնուին` կազմակերպելու գիւղաքաղաքներու մանուկներուն կողմէ շատ սպասուած ճամբարները:

Այս տարի 500-է աւելի պատանիներ` Հայաստանի Գառնիի, Աբովեանի, Հրազդանի եւ Արցախի Մարտունիի շրջաններուն մէջ կը մասնակցին այս ճամբարներուն:

Ճամբարները կը կազմակերպուին Հայաստանի եւ Արցախի պատանեկան միութիւններուն ընդհանուր վարիչ մարմիններուն եւ շրջաններու երիտասարդական միութիւններուն հետ համադրաբար: Իսկ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ԶՈՄ-ը կը գործակցի նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան հետ` կազմակերպելու համար այս ճամբարները: ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակին առիթով, այս տարուան ճամբարները նուիրուած են ՀՅԴ-ի եւ ԶՈՄ-ի հիմնադիր Սիմոն Զաւարեանին` պատանիներուն առիթ մը եւս ընծայելով մօտէն ծանօթանալու Սիմոն Զաւարեանի կեանքին ու գործունէութեան:

Գործուղման ծրագիրը բաժնուած է 2 հիմնական փուլերու: Առաջինը դասական ճամբարն է, որուն նպատակն է համախմբել գիւղի կամ քաղաքի սահմաններուն մէջ գտնուող պատանիները եւ զանոնք ծանօթացնել ՀՅԴ-ին, անոր պատմութեան եւ սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ մանուկներու իրաւունքներուն եւ այլ մարզական ու արողջապահական նիւթերու: Պատանիները առիթը կ’ունենան կազմակերպելու նոր ընկերային շրջանակներ, խաղալու տարբեր խաղեր, կը սորվին նոր գիտելիքներ եւ կը ծանօթանան ՀՅԴ պատանեկան միութեան, որուն մէջ կը գործեն իրենց տարեկից բազմաթիւ պատանիներ: 2-րդ փուլը, որ սկիզբ կ’առնէ 5 օգոստոսին, այդ գիւղաքաղաքներու պատանեկան միութիւններուն հետ ծրագիրն է, որ կը նպատակադրէ աշխուժացնել ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու գործունէութիւնը, համալրելու անոնց շարքերը եւ մեծցնելու անոնց աշխատանքի ծաւալը` ընդլայնելով գործունէութեան հորիզոնները:

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Մտադիր Են Ուսումնասիրել Հայոց Լեզուն Եւ Գրականութիւնը

Յաջորդը

Ընդգծելով, Որ Սուրիոյ Տագնապը Զինուորական Լուծում Չունի. Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Մասին Լուրերը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.