Միւնիխի մէջ «Օտի-Քափ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին իրարու դէմ ճակատեցան լոնտոնեան Թոթենհամն ու Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխը:
Մրցումին հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ:
Անգլիական խումբը տիրացաւ տիտղոսին` փենալթիներով 6-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով դաշտին տիրոջ դէմ:
Իրենց հարուածած փենալթիները կոլի չկրցան վերածել Տաւիտ Ալապա, Ժըրոմ Պոաթենկ (Պայէրն) եւ Քրիսթիան Էրիքսըն (Թոթենհամ):
Երրորդ դիրքի մրցումին, Ռէալ Մատրիտ 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց թրքական Ֆեներպահչէի դէմ:
Քարիմ Պենզեմա հեթրիք մը իրագործեց, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Նաչօ եւ Մարիանօ Տիաս:



