Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Արցախ

August 2, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Վիճակագրական տեղեկութիւններու ճշգրտութեան կասկածելու պատճառ չունինք: Բայց եւ այնպէս, Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւին մասին հարցականներ չենք կրնար չունենալ:

«Արցախփրէս»-ը այս տարուան մարտին տուած իր լուրով հաղորդեց. «2018 թուականին Արցախ է այցելել 28 հազար 588 օտարերկրեայ քաղաքացի, որը նախորդ տարուայ համեմատ աճել է 23 տոկոսով»:

Եթէ Արցախը սովորական տարածք մը ըլլար մեզի` սփիւռքահայերուս համար, կարելի պիտի ըլլար ընդունիլ, որ Հայաստան այցելած հարիւր հազարաւորներէս միայն 28.588-ը որոշած է հասնիլ Շուշի, Գանձասար, Ստեփանակերտ, Ամարաս, Դադիվանք, Տիգրանակերտ:

Քիչ է, այս թիւը շա՜տ շա՛տ քիչ է: Եթէ Արցախի տնտեսութիւնը հզօրացնելու նախաձախնդրութիւնը ունինք, պէտք է գիտնանք, որ հայրենիքի դրախտային այդ հատուածին վայելքները ըմբոշխնելով` մեր համեստ ներդրումը բերած կ՛ըլլանք այդ հողը ազատագրած ժողովուրդի բարգաւաճման գործին: Արցախի բնակչութիւնը տարիներէ ի վեր կը դեգերի 150.000-ի սահմաններուն շուրջ: Ազգային կառոյց մը կամ կառոյցներ միասնաբար պէտք է նախաձեռնեն արշաւ մը, որ, եթէ այս տարի ուշ է արդէն, գոնէ եկող տարի Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու (որոնց մէջ բացարձակ մեծամասնութիւնը  մենք ենք, դուք, հայերս) թիւը հասցնել բնակչութեան թիւին: Այս տարի Համահայկական ամառնային 7-րդ տարեկան խաղերուն` Արցախի մէջ մեկնարկումը այդօրինակ նախաձեռնութիւն մըն է, որուն  պէտք է հետեւին ուրիշներ:

Վարդենիսի ճամբով Արցախ գացող ճանապարհը պէտք է առնուազն կրկնապատկէր զբօսաշրջիկներուն թիւը: Կը մնայ յաւելեալ խանդավառութիւն ու հետաքրքրութիւն յառաջացնելու աշխատանքը, զոր պէտք է տանինք բոլորս:

Հայաստան այցելութիւնը կարելի չէ պատկերացնել առանց Արցախ հասնելու:

 

Նախորդը

Նոր Գիրք` «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Լիզպոնի Հինգը` Ներշնչում Հայրենի Երիտասարդութեան Համար

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.