Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկեան Վարչակազմը Պաղեստինցիներու Ինքնավարութեան Կը Հաւատայ Եւ Ոչ Թէ Պետութեան» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

August 1, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմըն յայտնեց. «Ամերիկեան վարչակազմը պաղեստինցիներուն քաղաքային ինքնակառավարման կը հաւատայ եւ ոչ թէ պաղեստինեան պետութեան»:

«Կը կարծենք, որ ինքնավարութիւնը պէտք է տարածուի մինչեւ այն կէտը, ուր կը սկսի Իսրայէլի անվտանգութիւնը: Ասիկա շատ բարդ կացութիւն մըն է», աւելցուց ան:

Ան մերժեց այն մտավախութիւնները, թէ հարցերը կ՛ուղղուին դէպի մէկ պետութեան լուծում` ըսելով. «Չեմ կարծեր, որ Իսրայէլի մէջ կայ պատասխանատու անձ մը, որ կ՛աշխատի մէկ պետութեան լուծումին համար»:

«Չեմ կարծեր, որ Իսրայէլի մէջ իրապէս գոյութիւն ունի քաղաքական լուրջ շարժում մը, որ կը ձգտի մէկ պետութիւն լուծումին, ո՛չ ալ կը կարծեմ, որ անցնող երկու տարուան ընթացքին Իսրայէլի կամ մեր կատարած աշխատանքներէն որեւէ մէկը մեզ դէպի այդ կէտը կ՛առաջնորդէ», նշեց դեսպանը:

Միւս կողմէ, ԱՖՓ հաղորդեց, որ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթին հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական Ճարետ Քուշներ Ամմանի մէջ հանդիպում ունեցած է Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ եւ անոր հետ քննարկած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթը:

Նշենք, որ Քուշներ «Դարու գործարք»-ի յառաջ մղման պատասխանատուն է:

 

 

Նախորդը

Պոլթըն Կը Հաւաստէ, Որ Ուաշինկթըն Վաղը Դուրս Պիտի Գայ Հրթիռներու Ոչնչացման Պայմանագիրէն

Յաջորդը

«Թեհրան Պիտի Շարունակէ Նուազեցնել Հիւլէական Համաձայնագիրին Նկատմամբ Իր Յանձնառութիւնները, Եթէ Եւրոպացիները Զայն Չպաշտպանեն Ամերիկեան Պատժամիջոցներէն» Կ՛ըսէ Զարիֆ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.