Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորտ Սուրիացի Ընդդիմադիրներուն Կը Խրատէ. «Ուաշինկթընէն Որեւէ Ակնկալութիւն Մի՛ Ունենաք»

July 30, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ սուրիական ընդդիմութեան խրատեց. «Միացեալ Նահանգներէն որեւէ ակնկալութիւն մի՛ ունենաք: Ուաշինկթընի մէջ ոչ ոք պատրաստ է Սուրիոյ պատճառով Համաշխարհային Գ. պատերազմի մը վտանգը դիմակայելու»` նշելով, որ տեղեկացած է, թէ բազմաթիւ սուրիացիներ «սուրիական կառավարութեան գործած ահաւոր արարքները դադրեցնելու համար ամերիկեան բանակին միջամտութեան կը սպասեն»:

«Այլ պետութեան մը դէմ միջամտութիւնը կարիքը ունի Ապահովութեան խորհուրդի հաւանութեան, եթէ այդ միջամտութիւնը ուղղակի յարձակումի հակադարձութիւն չէ», նշեց ան` աւելցնելով. «Երկու պայմանները ապահովուած չեն. Սուրիան Միացեալ Նահանգներու դէմ յարձակում չգործեց, եւ Ապահովութեան խորհուրդը այդպիսի որոշում մը պիտի չհրապարակէ, որովհետեւ Ռուսիան ու Չինաստանը ատոր դէմ վեթոյի իրաւունքը պիտի կիրարկեն»:

«Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա իրարու միջեւ բաժնեցին սուրիական օդային տարածքը. ռուսերը կը վերահսկեն Եփրատ գետէն արեւմուտք գտնուող ամբողջ օդային տարածքին, իսկ ամերիկացիները` գետին արեւելքը գտնուող ամբողջ օդային տարածքին, եւ եթէ ամերիկեան օդուժը Իտլիպի վերեւ թռիչքի ձեռնարկէ, ապա ռուսական եւ ամերիկեան պատերազմական օդանաւերուն միջեւ ճակատումը իրապէս հաւանական պիտի դառնայ», նշեց նախկին դեսպանը:

«Ոչ ոք գիտէ, թէ Եփրատի արեւելքին վերեւ թռիչքներու ամերիկեան արգելքը կամ Ուաշինկթընը` Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կապող յատուկ յարաբերութիւնները որքա՛ն պիտի տեւեն, սակայն մեր փորձառութիւնը կը թելադրէ, որ անոնք օր մը վերջ պիտի ունենան», ըսաւ Ֆորտ:

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Մէջ Սխտորի Փառատօնի Ընթացքին Կրակոցի Պատճառով Արձանագրուեցան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Ըստ Իրաքի Ներքին Գործոց Նախարարութեան. Պաղտատին Կը Գտնուի Սուրիա

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.