Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի. «Իրան Եւ Օման Հորմուզի Շրջանի Անվտանգութեան Երաշխաւորման Գլխաւոր Պատասխանատուութիւնը Կը Կրեն»

July 29, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Օմանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ պըն Ալուիի հետ եւ ըսաւ, թէ «Իրան եւ Օման Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ անվտանգութեան երաշխաւորման գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կը կրեն»` աւելցնելով, թէ իր երկիրը «շարունակ կը ջանայ, որ Օմանի ծովը, Ծոցը եւ Հորմուզի նեղուցը ըլլան միջազգային նաւարկումի համար ծովային անվտանգ ուղի»:

«Շրջանին մէջ օտար ուժերու ներկայութիւնը լարուածութեան գլխաւոր պատճառն է», նշեց Իրանի նախագահը:

«Եթէ կ՛ուզենք, որ շրջանը զարգանայ եւ բարգաւաճի, ապա պէտք է ատոր մէջ յարատեւ կայունութեան ու անվտանգութեան հաստատման ձգտինք», ըսաւ ան:

«Իրան չէ եղած եւ պիտի չըլլայ ուրիշներուն հետ լարուածութեան սկսողը, եւ շրջանին մէջ լարուածութեան եւ գարշելի դէպքերուն արմատը Ամերիկայի` հիւլէական համաձայնութենէն հեռանալն է», յայտնեց Ռուհանի:

Իրանի նախագահը նաեւ նշեց, որ Ժիպրալթարի մէջ իրանեան քարիւղատար նաւուն դէմ հաստատուած արգելանքը «անօրինական է, եւ այդ հարցը բրիտանացիներուն որեւէ շահ չապահովեց, այլ անկէ վնաս պիտի կրեն»:

Ռուհանի շեշտեց, որ Իրան «վճռականօրէն պիտի դիմակայէ որեւէ խախտում, որ Ծոցի շրջանը, Հորմուզի նեղուցն ու Օմանի ծովը կը վտանգէ»:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին շեշտեց. «Առանց Իրանի շրջանին մէջ անվտանգութիւն եւ կայունութիւն պիտի չտիրեն»` նշելով, որ շրջանը «շինծու եւ փոխան ուրիշներու եղած տագնապներէ կ՛անցնի»:

«Իրանն ու Օմանը պէտք է կրկնապատիկ ջանք թափեն շրջանին մէջ տեւական կայունութեան ու անվտանգութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ ներկայ մարտահրաւէրներու դիմակայման համար», ըսաւ ան:

«Թեհրանի եւ Մասքաթի միջեւ յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու, մասնաւորաբար առեւտրական եւ ներդրումի ոլորտներուն մէջ բարելաւում կ՛արձանագրեն», նշեց պըն Ալուի:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց. «Աշխարհի խնդիրը ուղեղի եւ բանականութեան գերակայութեան կորուստն է. ականատես կը դառնանք աշխարհի վրայ ամբոխավարութեան աճին եւ այնպիսի ղեկավարներու յայտնուելուն, որոնք անխոհեմ են եւ ոչ հասուն, ուստի պէտք է իրարու հետ աշխատինք ու գործակցինք»:

Նշենք, որ աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, թէ Օմանի արտաքին գործոց նախարարը, որ շաբաթ օր Թեհրան հասած էր, իրեն հետ Թեհրանին ուղղուած ամերիկեան ու բրիտանական պատգամներ չէ ունեցած:

Միւս կողմէ, իրանեան կառավարութեան բանբեր մը երէկ յայտնեց, որ իրանեան քարիւղատար նաւը Բրիտանիոյ կողմէ ծովահէնութեան ենթարկուեցաւ, իսկ Իրանի կողմէ գրաւուած բրիտանական քարիւղատար նաւը օրինական ճամբով արգելանքի տակ առնուեցաւ:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ եւրոպացիներուն ներկայ պայմաններուն մէջ Ծոցի շրջան մարտանաւեր ուղարկելը «սադրիչ քայլ մըն է, որ թշնամական պատգամ մը կը յղէ եւ լարուածութիւնը կ՛աճեցնէ»:

Նախորդը

Վիեննայի Մէջ Հիւլէական Համաձայնագիրը Ստորագրած Հինգ Երկիրներու Եւ Իրանի Միջեւ «Դրական» Ժողով

Յաջորդը

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.