Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այլակերպութիւն (Վարդավառ)

July 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ

Նախաքրիստոնէական շրջանին Վարդավառի տօնը կապուած էր ջուրի, սիրոյ, պտղաբերութեան ու գեղեցկութեան աստուծոյ` Աստղիկին: Այդ օրերէն իսկ Վարդավառը կը տօնուէր մեծ հանդէսներով: Մարդիկ Աստղիկ աստուածուհիին կը նուիրէին վարդեր ու իրարու վրայ ջուր կը թափէին: Այդ ջուրը իրարու վրայ նետելով` կարծէք մարդիկ իրարու կը յիշեցնեն ջրհեղեղը, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ այդ: Այլ խօսքով, սթափեցման սովորութիւն մըն է: Տօնը նաեւ առիթ եղած էր անցեալին, որ մեր նախահայրերը անձրեւ խնդրելու աղօթք եւ ծէս կատարէին: Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնը մեր նախնիները կոչած են նաեւ Վարդավառ, որուն արմատները մեր ժողովուրդը կը կապէ ջրհեղեղէն ետք ծիածանով Աստուած-մարդ հաշտութեան հետ:

Քրիստոնէական գետնի վրայ եւս, անցեալին Վարդավառը տօնուած է աւելի մեծ տարողութեամբ: Մարդիկ իրենց տուները կը զարդարէին կանաչ ոստերով, ծաղկեփունջներ կը նուիրէին իրարու, եկեղեցւոյ հասկեր կը նուիրաբերէին` իբրեւ օրհնութիւն: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ այս տօնին միացուցած է հին հայ հեթանոս մեր հայրերուն Վարդավառի աւանդութիւնը, երբ վարդերու տօնին մեր հեթանոս հայրերը իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին, ու հետաքրքրականը այն է, որ մինչեւ այսօր կը պահուի այս աւանդութիւնը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսնելով, որ անհնար է այդ տօնը վերացնել հայկական աւանդութիւններէն, տօնը փոխարինած է մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան տօնով: Ժողովուրդը քրիստոնէական շրջանին ալ, սիրելով այս տօնը, զայն նշանակած է Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը` անգամ մը եւս շեշտելու անոր կարեւորութիւնն ու ժողովուրդին կապուածութիւնը: Վարդավառի կամ Այլակերպութեան տօնը օրացուցային հաշուարկներով կը զուգադիպի 28 յունիսէն 1 օգոստոսի միջեւ:

Կրօնական առումով, ան հիմնուած է մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի կեանքի ընթացքին պատահած այն դէպքին վրայ, երբ Քրիստոս իր երեք աշակերտները` Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը առնելով, Թափօր լեռ բարձրացաւ ու անոնց դիմաց պայծառակերպուեցաւ: Իր դէմքը արեգակի նման փայլեցաւ եւ զգեստները ձիւնի նման ճերմկցան (Մտ 17.2, Հմմտ 9.2, Ղկ 9.29): Այնտեղ երեւցան նաեւ Հին կտակարանի մարգարէներէն Մովսէսն ու Եղիան: Այս դէպքը խորհրդանիշ մըն էր Քրիստոսի փառաւորումին, երբ տեղի պիտի ունենար իր խաչելութենէն ու յարութենէն ետք, երբ ան դարձեալ իր աստուածային փառքին պիտի վերադառնար: Ղուկաս Աւետարանիչ կը պատմէ, որ անոնք կը խօսէին Քրիստոսի երկրային կեանքի վերջին օրերու դէպքերուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենային Երուսաղէմի մէջ (Ղկ 9.31): Սքանչելի տեսարանէն հիացած` Պետրոս առաքեալ կը բացագանչէ. «Վարդապե՛տ, լաւ է, որ մենք հոս մնանք. երեք վրաններ լարենք, մէկը` քեզի, մէկը` Մովսէսին եւ միւսը` Եղիային համար: Մինչ ան կը խօսէր, լուսափայլ ամպ մը հովանի կը դառնայ անոնց, եւ ամպերուն մէջէն եկող ձայնը կ’ըսէ. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ, Անո՛ր լսեցէք» (Ղկ 9.31):

Ի՜նչ սքանչելի զօրութիւն եւ հայրական սիրոյ վառ արտայայտութիւն: Երկինքէն լսուած ձայնը ցոյց կու տար Հայր Աստուծոյ իր Որդիին հանդէպ ունեցած սէրը եւ Որդիին ընդմէջէն` ամբողջ մարդկութեան: Արդեօք Հայր Աստուծոյ վկայութիւնը Քրիստոսի կապուած ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէր.

Ա) Մարդը փրկել: Մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս,  թողելով երկնային իր փառքը, յանձն առաւ իջնել երկիր, մարդանալ, մարդոց հետ ըլլալ, ապրիլ անոնց տագնապներով, անոնց հե՛տ նստիլ, հաց կիսել, խօսի՛լ անոնց, խրատել. այս բոլորը սիրայօժար կատարեց, սակայն` միաժամանակ միշտ մնալով որպէս կատարեալ Աստուած: Յովհաննու Աւետարանի 3-րդ գլխուն մէջ կը կարդանք այն ճշմարտութիւնը, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ փրկելու համար կորսուած մարդկութիւնը. հետեւաբար Աստուծոյ յայտնութեան առաջին եւ հիմնական նպատակը մարդու փրկութիւնն ու Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատումն է: Քրիստոս եկաւ մարդիկը փրկելու խաւարի իշխանութենէն, մեղքի տիղմէն եւ առաջնորդելու դէպի իսկական եւ յաւիտենական կեանքը: Ան մի՛շտ իր աշակերտներուն եւ մեզի բոլորիս սորվեցուց, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը մեր մէջէն կը սկսի, այսինքն եթէ հաւատանք ու հետեւինք Քրիստոսի, ան պիտի բնակի մեր մէջ, մենք` իր մէջ: Իսկ ուր որ է Արքան, հոն կ’ըլլայ նաեւ արքայութիւնը:

Բ) Ճշմարիտ կեանք պարգեւել: Քրիստոս եկաւ այնպիսի ժամանակ, երբ մարդը անկեալ վիճակ մը կը ներկայացնէր, մինչեւ որ Մարդու Որդին եկաւ ապրելու եւ քարոզելու ճշմարիտ կեանքը, հրաւիրելու իր մօտ բոլոր անոնք, որոնք ծարաւը ունէին յագենալու ճշմարտութեան, սիրոյ եւ արդարութեան խօսքերով ու մանաւանդ աստուածահաճոյ գործերով: Աստուած այս բոլորը կատարեց, եղաւ մարդուն հետ ու մարդուն համար: Ինք, որ Աստուած էր, աշխարհ եկաւ ո՛չ թէ մարգարէական խօսքերը իրականացնելու համար սոսկ, այլ որպէսզի փրկէ զանոնք մեղքի գերութենէն: Այս բոլորը եղան շօշափելի այն փաստերը, որոնք Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ու առաքելութեան ընթացքին արտայայտեցին անոր աստուածային եւ անշահախնդիր սէրը:

Գ) Սիրոյ գերագոյն օրինակը դառնալ մարդկութեան: Պահ մը երբ մենք զմեզ քննենք, պիտի տեսնենք, որ մեղքի ծովուն մէջ լուղորդներ ենք. կ’ապրինք բազմաթիւ հոգերով ու տագնապներով, նոյն մեղքերը յաճախ կը կրկնենք, եւ շատեր կ’ապրին Աստուծմէ հեռու կեանք մը: Միայն Քրիստոսի ունեցած սիրոյն զօրութեամբ կրնանք նուաճել ամէն դժուարութիւն եւ յաղթել մեղքին ու չարին եւ ապրիլ քրիստոսավայել կեանք մը: Սակայն այդ սէրը կրնանք ձեռք ձգել այն ատեն, երբ սիրոյ աղբիւրը` Քրիստոս, ինք ներգործէ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ: Այս ձեւով, երբ կարդանք Աւետարանը եւ քննենք Քրիստոսի կեանքն ու գործունէութիւնը, այն ատեն վստահաբար հոգեկան գոհունակութիւն պիտի ստանանք, որովհետեւ ան սէր կ’արտայայտէ եւ կը հրաւիրէ մեզ` լսելու Քրիստոսի խօսքերը եւ ապրելու զանոնք: Երբ Քրիստոսի տուած սէրը մեր մէջ ունենանք, այն ատեն մեր կեանքով ու գործով, մեր շրջապատին մէջ կը սկսինք տարածել բարի պտուղներ, Քրիստոսի խօսքին համաձայն. «Մէկի տեղ` երեսուն, վաթսուն կամ հարիւր» (Մտ 13.8): Ամէն:

 

 

 

 

Նախորդը

«Մենք Պատասխանատու Ենք Հայաստանի Եւ Արցախի Իւրաքանչիւր Այգաբացի Համար». Ջիւան Աւետիսեան

Յաջորդը

Համագործակցութեամբ Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Քաղաքապետութիւններուն. Արտերկրի Լիբանանցի Երիտասարդներու Պատուիրակութեան Այնճար Այցելութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.