Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորիս Ճոնսըն Ընտրուեցաւ Բրիտանիոյ Վարչապետ

July 24, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պահպանողական կուսակցութեան անդամները Պորիս Ճոնսընը ընտրեցին իրենց կուսակցութեան նոր ղեկավար, եւ իբրեւ այդպիսին ան պիտի ստանձնէ Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնը:

Ճոնսըն մեծ տարբերութեամբ յաղթանակ արձանագրեց իր մրցակիցին` արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթի դէմ: Ան ստացաւ 92.153 քուէ, իսկ Հանթ` 46.656 քուէ:

«Պրեքզիթը իր լրումին պիտի հասցնենք 31 հոկտեմբերին եւ «կրնանք ընել»-ու նոր ոգիով պիտի օգտուինք բոլոր այն առիթներէն, որ ատիկա պիտի բերէ», ըսաւ ան:

Ընթացաւարտ վարչապետ Թերեզա Մէյ շնորհաւորեց Ճոնսընը` անոր խոստանալով «ետեւի նստարաններէն ամբողջական զօրակցութիւն»: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր շնորհաւորանքը ուղղեց «Թուիթըր»-ի վրայ գրելով. «Ան հոյակապ պիտի ըլլայ»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորեց Պորիս Ճոնսընը` նշելով. «Թուրքիոյ եւ Բրիտանիոյ յարաբերութիւնները ապագային աւելի պիտի զարգանան»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր կարգին «Թուիթըր»-ի ճամբով շնորհաւորեց Պորիս Ճոնսընը եւ գրեց.«Իրանեան քարիւղատար նաւը արգելանքի տակ առնելը Մէյի կողմէ պարզապէս ծովահէնութիւն էր: Ես կը շնորհաւորեմ իմ նախկին պաշտօնակից Պորիս Ճոնսընը, որ պիտի դառնայ Բրիտանիոյ վարչապետ: Իրան ճակատումի չի ձգտիր: Սակայն Պարսից ծոցի մեր ծովափին երկայնքը 1500 մղոն է: Ատիկա մեր ջրային տարածքն է, եւ մենք պիտի պաշտպանենք զայն»:

 

 

Նախորդը

Քալըն Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Թուրքիոյ Ապահովական Մտահոգութիւնները Փարատելու

Յաջորդը

Հալէպի Թաղամասերու Հրթիռակոծման Պատճառով Արձանագրուած Է 7 Զոհ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.