Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քապըր Շմունի Միջադէպին Թղթածրարը Փոխանցուեցաւ Զինուորական Ատեան

July 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վճռաբեկ ատեանի աւագ քննիչ դատախազը երէկ Քապըր Շմունի միջադէպին թղթածրարը փոխանցեց Զինուորական ատեան` Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ հետաքննութեան աւարտէն ետք:

Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ երէկ գիշեր հանդիպելէ ետք Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ, ուղղուեցաւ վարչապետարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ղարիպ յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ կառավարութեան աշխատանքի աշխուժացման:

Ղարիպ նշեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպը քրէական ոճիր ըլլալու իր ճշմարտութեան մէջ պէտք է փոխանցուի Արդարութեան խորհուրդ: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Հարիրի շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ` տարբեր տեսակէտներուն միջեւ մերձեցում յառաջացնելու իմաստով:

«Մենք պատրաստ ենք այս միջադէպին ըստ արժանւոյն լուծման բոլոր ելքերուն մասին խորհրդակցելու», ըսաւ ան:

Ղարիպ նկատել տուաւ, որ վարչապետ Հարիրի համաձայն է համախոհութեամբ գոյանալիք լուծումներուն` աւելցնելով, որ ի վերջոյ կայ կառավարութիւն մը, որ որոշումներ կու տայ: «Մենք կառչած կը մնանք այս թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու պահանջին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ թղթածրարը Զինուորական ատեան փոխանցուիլը հետաքննութեան բնական հոլովոյթին մաս կը կազմէ:

Ղարիպ հաստատեց, որ կայ նախարար մը, որուն դէմ մահափորձ կատարուած է, եւ այդ հարցը կառավարութիւնը պէտք է քննէ ու զայն փոխանցէ Արդարութեան խորհուրդ:

Միւս կողմէ, տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ հաստատեցին, որ վարչապետ Հարիրի կը փափաքի այս շաբթուան ընթացքին (հինգշաբթի, 25 յուլիս 2019-ին) կառավարութիւնը հրաւիրել նիստի մը, եւ ան կը մերժէ Քապըր Շմունի թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու հարցը այդ նիստի օրակարգին վրայ ունենալ:

Նախորդը

Բրիտանացի Բարձրաստիճան Զինուորական Մը Կ՛այցելէ Լիբանանի Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Յաջորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Անհանգստանալու Խնդիր Չի Տեսներ Սահմանին Տիրող Իրավիճակով

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.