Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, թէ Քիեւ պատրաստ է «ՌԻԱ Նովոսթի Ուքրայինա» կայքի ղեկավար Քիրիլ Վիշինսքին փոխանակել Ռուսիոյ մէջ դատապարտուած Օլեկ Սենցովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Անոր համաձայն, այդ փոխանակումը պէտք է դառնայ բարի կամեցողութեան առաջին քայլը:
Յիշեցնենք, որ Օլեկ Սենցով Ռուսիոյ մէջ դատապարտուած է 20 տարուան բանտարկութեան` Խրիմի մէջ ահաբեկչութիւն կազմակերպելու մեղադրանքով:
Լրագրող Քիրիլ Վիշինսքի Ուքրանիոյ մէջ կը մեղադրուի Տոնպասի ինքնահռչակ հանրապետութեան աջակցելու եւ պետական դաւաճանութեան մէջ: Ան կրնայ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Վրաստանի դէմ գինիի վերաբերող պատժամիջոցներու նիւթը փակուած է:



