Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա իր կազմին մէջ կ՛ուզէ տեսնել Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի 36 տարեկան յետսապահ Տենի Ալվեսը` նկատի ունենալով որ ան նախապէս աշխատած է ֆութպոլիստին հետ, երբ անոնք մաս կը կազմէին Պարսելոնային:
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռանալէն ետք, Ալվես ունի ազատ մարզիկի կարգավիճակ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած խումբին:



