Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Կը Պատասխանէ Փենթակոնի Յայտարարութեան

July 19, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակեց չորեքշաբթի օր Փենթակոնի կողմէ Թուրքիոյ` «Էֆ-35» կործանիչներու ծրագիրէն դուրս մղելու յայտարարութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու»-ն:

«Ասիկա միակողմանի քայլ է եւ չի համապատասխաներ դաշնակցային ոգիին, իսկ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը ոչ մէկ օրինական փաստարկ բերած է Թուրքիան` «Էֆ-35»-ներու ծրագիրէն դուրս մղելու հարցին մէջ:

«Այս որոշումը Միացեալ Նահանգներու հետ մեր ռազմավարական յարաբերութիւններուն մէջ անբուժելի վէրքեր պիտի բանայ, ուստի Միացեալ Նահանգները կը հրաւիրենք հրաժարելու այս սխալէն: Անարդար է «Էֆ-35»-ներու գլխաւոր դաշնակիցներէն մէկը այս ծրագիրէն դուրս ձգելը, իսկ «Էս-400»-ները` «Էֆ-35»-ները տկարացնելու վարկածը կորսնցուցած է ուժը», նշեց նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ, հակառակ «Էֆ-35» հալածիչներու վերաբերեալ նախապէս որդեգրուած որոշումին, պիտի շարունակեն Թուրքիոյ հետ միացեալ ռազմափորձեր կատարել Վրաստանի, Գերմանիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Տէյվիտ Թրախթենպերկի հրապարակած հաղորդագրութեան:

«Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Թուրքիոյ հետ միացեալ ռազմափորձեր կատարել` ներառեալ Վրաստանի, Գերմանիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ», յայտարարած է Թրախթենպերկ:

Փենթակոնի ղեկավարի` պաշտպանական գնումներու խորհրդական-փոխնախարար Էլըն Լորտը մէկ օր առաջ Թուրքիոյ կողմէ Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման առնչութեամբ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած էր. «Կը սկսին Թուրքիան «Էֆ-35»-ներու ծրագիրի մասնակցութենէն հեռացնելու հոլովոյթին»:

«Թուրքիան այս որոշումին պատճառով պիտի կորսնցնէ աշխատանքային եւ տնտեսական հնարաւորութիւններ. «Էֆ-35»-ներու ծրագիրին առնչուող 9 միլիառ տոլարի կորուստ պիտի ունենայ», ըսած էր ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիան ետ պիտի ստանա՞յ «Էֆ-35»-ներու համար իր վճարած գումարը` ան նշած էր, որ ներկայիս կը քննարկուին օդանաւերու գնման վերաբերող մանրամասնութիւններ:

«Առայժմ կեդրոնացած ենք Թուրքիոյ` ծրագիրէն դուրս մղելէ ետք յառաջացած բացը փակելու խնդիրով: Պիտի շարունակենք իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներ, սակայն «Էֆ-35»-ներու հարցին մէջ այդպիսի բան, ցաւօք, չեն կրնար ըսել: Թուրքիոյ փոխարէն նոր գործընկերներ պիտի գտնենք: Թուրքիոյ ծրագիրէն դուրս մղելու հոլովոյթը պիտի աւարտի 2020 թուականի մարտ ամսուն: Միւս կողմէ` Թուրքիան պիտի շարունակէ մնալ ՕԹԱՆ-ի մեր մտերիմ դաշնակիցը», յայտնած էր փոխնախարարը եւ, պատասխանելով Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի մէջ մնալու հարցին, նշած, որ Թուրքիան արմատներով ՕԹԱՆ-ի անդամ է:

ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պետական «Ռոսթեխ» ընկերութեան ղեկավար Սերկէյ Չեմեզով լրագրողներուն յայտնած է, որ եթէ Անգարան փափաք յայտնէ, Ռուսիան պատրաստ է Թուրքիոյ «Սու-35» հալածիչներ մատակարարել:

Թրքական ռազմական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի յայտնած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պիտի ուսումնասիրէ «Սու-35»-ներու գնման հարցը, սակայն «ներկայիս ատոր մասին խօսիլը կանուխ է»:

 

 

Նախորդը

Իրան Արաբական Ծոցին Մէջ Գրաւած Է Վառելանիւթ Մաքսանենգող Օտարերկրեայ Նաւ Մը

Յաջորդը

«Թեհրան Հորմուզի Նեղուցը Փակելու Կարողութիւնը Ունի, Սակայն Ոչ` Ցանկութիւնը» Կ՛ըսէ Զարիֆ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.