Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆՆՄԱՆ ՊՐՆ. ՅԱԿՈԲԸ

December 24, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ո՞վ չէր ճանչնար Յակոբ Պալապանեանը. հաւատացեալ, հայրենասէր, ճշմարտախօս, համբերատար, ծառայասէր եւ աննման էր ան` իր ամբողջ էութեամբ: Կը վստահէիր հետը խօսիլ այնպէս, ինչպէս քու անձիդ հետ: Քաղցրութեամբ կը բարեւէր խեղճերուն ու տկարներուը, նոյնիսկ անհամբեր եւ անհանդարտ մարդիկ կը խոնարհէին զինք տեսնելով: Կարծես պրն. Յակոբը իր նկարագիրով դեղ մըն էր ամէն անձի համար: Երբեք իր բարկութիւնը չեմ տեսած, հանդարտաբարոյ նկարագիրով կը մօտենար ամէն տեսակ հարցերու եւ  դժուարութիւններու: Իմաստուն էր, գիտէր, որ երիտասարդները երբեմն անփորձ կ՛ըլլան, իսկ ոմանք հարցերուն կը մօտենան նեղ դիտանկիւնէ: Այս գիտակցութեամբ կը մօտենար բոլորին, չէր նեղացներ մէկը, այլ երբեմն նոյնիսկ կը նախատեսէր տեղի ունենալիք հարցերը եւ կը փորձէր անոնց առաջքը առնել: Իսկական եղբայրասիրութիւն ունէր իր սրտին մէջ` ըլլայ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին կամ ծերունիին հանդէպ: Ներողամիտ էր եւ բարեացակամ, բոլորին նեղ օրուան բարեկամն էր: Կը յարգէր խօսակիցին  կարծիքը, համբերութեամբ կ՛ունկնդրէր անոր ըսածները: Ամէն բանին չափաւորը կը սիրէր, կ՛ատէր ծայրայեղութիւնն ու կողմնակալութիւնը: Կեանքին արժէքը գիտէր եւ  չէր վատներ զայն զուր գործերով. հակառակ իր յառաջացած տարիքին, տակաւին կ՛ուզէր լսել, ընդունիլ եւ սորվիլ: Դժբախտաբար մահը ո՛չ տարիք եւ ո՛չ ալ նկարագիր նկատի կ՛ունենայ, բայց պրն. Յակոբը կը հաւատար, որ մարդուս անմահ հոգին արդար վերաբերումի պիտի արժանանայ ուրիշ կեանքի մէջ:

Սիրելի՛ պրն. Յակոբ, քառասուն օրեր առաջ յաւիտենական կերպով հրաժեշտ առիր մեզմէ, բայց քեզ ճանչցող ամէն անձ քու անգին յիշատակդ պիտի պահէ թէ՛ մտքին եւ թէ՛ սրտին մէջ:

ՆՈՐԱՅՐ ԲԱԳԼԱՅԵԱՆ

Նախորդը

ՄԵԾ ՀՕՐՍ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. ՅԱՃԱԽ ՄՏԱԾԷՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԱՍԻՆ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.