Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հանդիպում Ունեցաւ Իան Քուպիչի Հետ

July 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչի հետ:

Նախագահ Միշել Աուն ընդգծեց Լիբանանի շահագրգռուածութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան շարունակութեան վերաբերեալ, առ ի գործադրութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին: Ան յոյս  յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը կ՛արձագանգէ այդ ուժերուն ժամանակաշրջանը երկարաձգելու Լիբանանի պահանջին` առանց որեւէ փոփոխութիւն մտցնելու անոնց առաքելութեան մէջ կամ կրճատելու պիւտճէն, որպէսզի այդ ուժերը կարենան շարունակել իրենց դերը լիբանանեան բանակին հետ համագործակցաբար:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ կան հարցումներ այն պատճառներուն վերաբերեալ, որոնք միջազգային ընտանիքը կ՛արգիլեն աջակցելու Լիբանանի պահանջին` սուրիացի տեղահանուածներու վերադարձը դէպի սուրիական ապահով շրջաններ, մանաւանդ, որ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ մարդասիրական մարմիններու զեկուցումները ցոյց կու տան, որ սուրիական շրջաններուն մեծ մասին մէջ ապահովական վիճակը բարելաւուած է:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու դէպի Սուրիա վերադարձը կը շարունակուի եւ անոնց թիւը հասած է 313.000-ի:

Նախագահ Աուն Քուպիչին ներկայացուց իսրայէլեան կրկնակի յարձակումներուն արդիւնքները Լիբանանի վրայ` անդրադառնալով նաեւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմի հետեւանքներուն: Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ Իսրայէլ պարտաւոր է յարգել թիւ 1701 բանաձեւը` կայունութիւն պահպանելու համար սահմանին վրայ, եւ Լիբանան կ՛աշխատի այդ կայունութեան համար` լիբանանեան բանակի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ միասնաբար:

Քուպիչ նախագահ Աունին ներկայացուց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին շուրջ քննարկումները եւ ՄԱԿ-ի դիրքորոշումը Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանը գծելու վերաբերեալ` Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեան լոյսին ներքեւ:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Մենք Թեր Պիտի Քուէարկենք Պետական Ամավարկին Եւ Ուրիշներու Նման Ամբոխավարական Կեցուածք Պիտի Չորդեգրենք»

Յաջորդը

Լիբանանի Նախկին Վարչապետներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին. Սալման Թագաւորը Շեշտեց, Որ Սէուտական Արաբիան Լիբանանին Ծառայող Ամէն Բանի Հետ Է

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.