Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի. «Պատրաստ Ենք Ուաշինկթընի Հետ Բանակցելու, Եթէ…»

July 15, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Ուաշինկթընի հետ բանակցելու, եթէ պատժամիջոցները ջնջէ, տնտեսական ճնշումները դադրեցնէ եւ վերադառնայ հիւլէական համաձայնագիրին»:

«Իրան յանձնառու է Հիւլէական համաձայնագիրին, որքան ուրիշներ յանձնառու են անոր, եւ մեր քաղաքականութիւնը հիմնուած է ուրիշներուն անոր նկատմամբ յանձնառութիւններու նուազման դիմաց մեր յանձնառութիւնները նուազեցնելու վրայ», ըսաւ ան:

«ՄԱԿ¬ի, Հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան եւ Լա Հէյի դատարանին մէջ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնները ձախողեցան, եւ բոլորը կը դատապարտեն ամերիկեան արարքները», յայտնեց Ռուհանի:

Իրանի նախագահը նաեւ շեշտեց. «Հիւլէական զէնք ունենալու մտադրութիւն չունինք, եւ մեր քաղաքականութիւնը այդպիսի արգիլուած զէնքի ձեռք բերման գաղափարին կը հակասէ»:

Հիւսիսային Խորասան նահանգ կատարած այցելութեան ընթացքին Շիրվան քաղաքի կեդրոնական մարզադաշտին մէջ Իրանի նախագահը նշած է, որ Իրանի ժողովուրդին դէմ Միացեալ նահանգներու ընտրած բոլոր ուղիները պարտութեամբ աւարտած են:

«Շուրջ 14 ամիսէ ի վեր, աշխարհի հզօրագոյն զինուորական եւ տնտեսական ուժը աննախադէպ պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Իրանի ժողովուրդին դէմ: Պատժամիջոցներ, որոնք կրնային ծունկի բերել որեւէ ժողովուրդ: Սակայն, Իրանի հզօր ժողովուրդը դիմակայած է զանոնք: Այս 14 ամսուան ընթացքին Իրանի ժողովուրդին դէմ Միացեալ Նահանգներուն ընտրած բոլոր ուղիները, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային, պարտութեամբ աւարտած են: Ի հարկէ երկրին մէջ կան խնդիրներ: Դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրինք, սակայն, նոյն ատեն, ձեռք-ձեռքի տուած ենք, կողք-կողքի կանգնած ենք, եւ պիտի յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները», ըսած է Ռուհանին:

Ան աւելցուցած է, որ ասիկա Իրանի ժողովուրդի եւ համակարգի յաղթանակը կը նշանակէ:

 

Նախորդը

Լը Տրիան. «Կը Զգուշացնենք Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Միջեւ Պատերազմի Մը Յանգելու Վտանգէն»

Յաջորդը

Ղազախստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Բարսեղեան` Կոլի Հեղինակ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.