Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Մէջ Ժողովրդային Շուկայ Մը` Ամբողջութեամբ Հրկիզուած

July 15, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրիփոլիի Ապու Ալի գետին կից գտնուող ժողովրդային շուկային մէջ շաբաթ կէս գիշերին բռնկած է հրդեհ մը, որուն պատճառով շուկան ամբողջութեամբ հրկիզուած է, ինչպէս նաեւ հրդեհի ենթարկուած ինքնաշարժ մը պայթած է:

Թրիփոլիի քաղաքապետ Ահմետ Քամարէտտին այցելեց շուկան եւ տեսաւ հրկիզուած տաղաւարները: Ան հանդիպումներ ունեցաւ տաղաւարներու սեփականատէրերուն հետ եւ լսեց անոնց պահանջները:

Քամարէտտին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ դատական իշխանութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներուն ու ոստիկանութեան հետ` պահանջելով այդ մասին հետաքննութիւն բանալ:

Քամարէտտին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյրի հետ եւ պահանջեց օժանդակել հրդեհէն տուժած 800 տաղաւարներու սեփականատէրերուն հատուցման աշխատանքին` նկատի ունենալով, որ այդ տաղաւարները անոնց ապրուստի միակ աղբիւրն էին:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին հետեւեցաւ Թրիփոլիի Ապու Ալի գետին կից գտնուող ժողովրդային շուկայի հրդեհին մանրամասնութիւններուն եւ Մոհամետ Խէյրը գործուղեց հետեւելու այս միջադէպին վերաբերող իրադարձութիւններուն ու Թրիփոլիի քաղաքապետարանին հետ համադրաբար ճշդելու վնասները:

Արհեստագիտութեան եւ ներդրումի հարցերու պետական նախարար Ատել Աֆիունի ողջունեց հրդեհը հակակշիռի տակ առած հրշէջներն ու Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը եւ կոչ ուղղեց  Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդին հատուցելու հրդեհէն տուժած քաղաքացիները` կարեւոր նկատելով, որ ժողովրդային շուկան վերակառուցուի ամէնէն արագ միջոցին:

Իր կարգին, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ պահանջեց շտապ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն մը բանալ այս հարցով եւ հատուցել քաղաքացիները, որոնք կորսնցուցին իրենց ապրուստը ապահովող աշխատանքը:

Նախորդը

Նեթանիահու Կը Սպառնայ Քանդիչ Հարուածով Մը Հակադարձել

Յաջորդը

Ա. Կիտանեան. «Լիբանանի Մէջ Զբօսաշրջութեան Մարզը Պիտի Յաջողի, Եւ Զբօսաշրջիկներու Թիւի Իմաստով Նոր Մրցանիշ Պիտի Հաստատենք»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.