Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու անդրադարձած է շրջանառուող այն տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց, Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի Թուրքիոյ դէմ պատճամիջոցներ հաստատելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթի կայքը:
«Մեր ակնկալութիւնները շատ յստակ են: Կիպրոսի թրքական կողմի իրաւունքները թող երաշխաւորեն: Մեզի դէմ ուղղուած քայլերը հակառակ ազդեցութիւնը պիտի ունենան: Մեզի դէմ ուղղուած որեւէ քայլի պիտի պատասխանենք, Կիպրոսի մէջ ալ աւելի պիտի շատցնենք մեր գործողութիւնները», ըսած է Չաւուշօղլու:
Անդրադառնալով նաեւ «Էս-400» հակաօդային համակարգերու մատակարարման, Չաւուշօղլու նաեւ նշած է, որ որեւէ խնդիր չկայ, եւ հոլովոյթը ասկէ ետք աւելի ապահով ձեւով պիտի շարունակուի:



