Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Թուրքիոյ Կողմէ Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Գտնուող Ս. Մակարայ Վանքին Մէջ

July 12, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 28 յունիս 2019 թուականը Արամ Ա. կաթողիկոսին կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող օր մը դարձաւ, երբ վեհափառը անցաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս` այցելելու համար հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոնները:

Վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, այցելեց Նիկոսիոյ թրքական բաժինին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին, նոյն շրջափակին մէջ գտնուող Ազգային առաջնորդարանը եւ Մելիքեան-Ուզունեան դպրոցը: Թրքական ներկայութիւնը զգալի էր ընդհանրապէս հայկական թաղամաս դարձած շրջանին եւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը ուղղուեցաւ շուրջ ժամ մը անդին գտնուող Ս. Մակարայ վանք: Ժ. դարուն պատկանող յիշեալ վանքը հաստատուած է Հալեվկա նահանգին ծայրամասը, Փենտաքթիլոս լեռներու լանջին` պատմական Կիլիկիոյ դիմացը: Աւելի քան 12 քառ. քմ լեռնալանջէն մինչեւ ծովեզերք տարածութիւն ունեցող գեղեցիկ բնութեան ծոցին գտնուող Ս. Մակարայ վանքը եղած է հոգեմտաւոր մշակոյթի կեդրոն` հարուստ ձեռագիրներով, իքոններով ու սրբապատկերներով: 1974-ին Կիպրոսի վրայ կատարուած թրքական յարձակումին պատճառով, Ս. Մակարայ վանքը ո՛չ միայն գրաւուած է թրքական բանակին կողմէ, այլ նաեւ քանդուած, աւերուած ու թալանուած է: Վանքը, որ դարձած է դարեր շարունակ ուխտագնացութիւններու կեդրոն, այսօր կը գտնուի կիսաքանդ վիճակի մէջ` ամայութեան գիրկը ծուարած:

Վեհափառ հայրապետը յուզումով շրջեցաւ կիսափուլ վանքին մէջ` մօտէն ծանօթանալով վանականներու խուցերուն, ձեռագրատան, մատրան եւ վանական այլ բաժանմունքներուն: Արդարեւ, Ս. Մակարայ վանքին մէջ  պարզուած տեսարանը չի կարօտիր մեկնաբանութեան: Ան պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ թուրքը անցած է, ինչպէս Կիլիկիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մեր վանքերէն, եկեղեցիներէն ու հողերէն, նաեւ Ս. Մակարայ վանքէն…

Նախորդը

Խաղաղութենէ Եւ Երկխօսութենէ Անդին

Յաջորդը

Ահաբեկչական Պայթում Մը Ցնցեց Գամիշլիի Հայահոծ Թաղամասը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.