«Սքայ Սփորթց» հաղորդեց, որ Պարսելոնայի «Քամփ-Նու» մարզադաշտը նորոգութեան մէջ է:
Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, աշխատանքները ամբողջութեամբ աւարտած պիտի ըլլան նախքան «Լա լիկա»-ի 2019-2020 տարեշրջանը սկսիլը:
4 օգոստոսին Պարսելոնա իր վերանորոգուած մրցադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը` ակումբի նախկին նախագահ Խուան Կամփերի յիշատակին նուիրուած մրցումին:
«Լա լիկա»-ի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա ախոյեանութեան իր առաջին մրցումին պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Պեթիսը` 25 օգոստոսին:



