Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալպանիոյ Նախագահը Սորոսը Կը Մեղադրէ Երկրին Մէջ Իշխանութիւնը Խլելու Փորձի Յանցանքով

July 8, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ալպանիոյ նախագահ Իլիր Մեթա յայտարարած է, թէ իր երկիրը յաջողած է խուսափիլ դաւադրութենէ մը, որուն կազմակերպիչը միլիառատէր Ճորճ Սորոսն է եւ որուն նպատակը Ալպանիոյ ներքաղաքական իրավիճակի ապակայունացումն էր:

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նախագահին պնդումով` Սորոս փորձած է «միջամտել անցեալ շաբաթավերջին կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն եւ խլել իշխանութիւնը»: Մեթա Սորոսը մեղադրած է դաւադրութեան քաղաքական ծրագիրի ետին կանգնած ըլլալու յանցանքով: Ան այս մասին յայտարարած է, երբ Ալպանիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մերժած են մասնակցիլ կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն:

Նախագահը փորձած է յետաձգել ընտրութիւնները` նշելով, որ առանց ընդդիմութեան անոնք ժողովրդավարական պիտի չըլլան: Քաղաքական ճգնաժամը լուծելու համար ան կոչ ուղղած է նոր ընտրութիւններ կատարել:

Երկրին նախագահը, առանց որեւէ հիմնաւոր ապացոյց ներկայացնելու, յայտարարած է. «Սորոս դաւադրութիւն կազմակերպած էր իշխանութիւնը ամբողջովին խլելու համար»:

«Ցաւօք, ականջ չտուի Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի` Սորոսի մասին ըսածին: Ճիշդը` 2000 թուականին, ես սիրով կը խօսէի անոր մասին, որովհետեւ Սորոս մեզի օգնած է մեր` ընդդիմութիւն եղած ժամանակ, սակայն Օրպան զիս զգուշացուց. «Արթուն եղի՛ր, որովհետեւ ան այդքան ալ ժողովրդավար չէ եւ յաճախ դաւադրութիւններ կը կազմակերպէ նոյնինքն ժողովրդավարութեան դէմ», պատմած է Մեթա:

Բրիտանական օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ անցեալ տարի Հունգարիոյ կառավարութիւնը որդեգրած էր «Կանգնեցնել Սորոսը» օրինագիծը, որուն նպատակն է արգիլել Հունգարիոյ մէջ անոր «Բաց հասարակութեան հիմնադրամներ» կազմակերպութեան գործունէութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ընդդիմադիր Աջակողմեան «Նոր Ժողովրդավարութիւն» Կուսակցութիւնը Յաղթական` Յունաստանի Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Գերմանիայէն Կը Խնդրէ Ուժեր Ուղարկել Հիւսիսային Սուրիա» Կ՛ըսէ Ճեֆրի

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.