Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Ժահժահի

July 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ, երեսփոխաններ Նաամէ Թոհմէ եւ Հատի Ապու Հասան, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:

Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումին ընթացքին Շեհայէպ հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքը յանձնառու է Լեռնալիբանանի հաշտութեան` աւելցնելով, որ իրենք իրենց կարգին ընդգծեցին, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը հաստատ է եւ կարմիր գիծ բոլորին համար:

Շեհայէպ նշեց, որ Լեռնալիբանանի միջադէպը ներկայացուեցաւ այնպէս մը, որ անիկա հաշտութեան խախտում է, «սակայն իրականութեան մէջ հաշտութիւնը կը մնայ հաստատուն եւ անխախտ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք հաշտութեան եւ համախոհութեան հսկող պահակներն են:

Շեհայէպ ընդգծեց, որ իրենք կը մնան օրէնքին ենթակայ եւ պատասխանատու չեն մթնոլորտ ու կայունութիւն խախտող տղայական արտայայտութիւններուն:

Լեռնալիբանանի բոլոր շրջանները բաց են իւրաքանչիւր քաղաքացիի դիմաց, որ կը փափաքի այդ շրջանները այցելել, սակայն սադրանքներ հրահրող արտայայտութիւններն ու հռետորաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջաններուն մէջ ուժի ցուցադրութիւնը կտրականապէս մերժելի են:

Մեհրապի Մէջ

Ապա Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան անունով Շեհայէպ շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքական տագնապ ստեղծելը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:

Անդրադառնալով այն վարկածին, թէ Քապըր Շմունի միջադէպը ծրագրուած թակարդ էր, Շեհայէպ յայտնեց, որ թակարդը կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններուն ուղեղին մէջ կը գտնուի միայն:

Շեհայէպ շեշտեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ կառավարութեան աշխատանքը սառեցուի, որովհետեւ քաղաքական բոլոր ուժերը նախանձախնդիր են անոր աշխատանքին հեզասահ ընթացքին:

 

Նախորդը

Ռայի. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Գանձ Մըն Է, Որուն Կառչած Կը Մնանք»

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պաալպեք

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.