Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանի Արուեստի Եւ Մարմնամարզի Խմբակները Գեղեցիկ Հանդէսով Մը Եզրափակեցին Յոբելենական Տարին

July 2, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22 յունիս 2019-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներուն, ծնողներուն եւ բարեկամներուն համար եղաւ յիշարժան ու գեղեցիկ օր մը, որ պարգեւեցին վարժարանի արուեստի եւ մարմնամարզի խմբակները` իրենց տարեկան եզրափակիչ ելոյթով: Անիկա եղաւ Մեսրոպեանի յարկին տակ տարեվերջի 10-րդ հանդէսը, որմով փակուեցաւ վարժարանի յոբելենական տարին:

Մեսրոպեանի շրջափակը ամբողջութեամբ լեցուցած մեծաթիւ ներկաներուն առջեւ արուեստի եւ մարմնամարզի խմբակներու աշակերտները ներկայացուցին երգերով, պարերով եւ մարմնամարզի տարբեր տեսակներու ցուցադրութեամբ յագեցած ծրագիր մը, որ տեւեց մօտ մէկուկէս ժամ: Ծրագիրը ընթացաւ թատերական բեմադրութեան մը հիմքին վրայ` նուիրուած Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, որուն անունը կը կրէ 80-ամեայ վարժարանը: Անիկա փակուեցաւ «Մեսրոպեան երգ»-ով` կատարողութեամբ վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբին, որ հնչեցուց նաեւ հայոց լեզուին ու Հայաստանին նուիրուած երգեր: Մուտքին ցուցադրուեցան այս տարուան գլխաւոր նորութեան` մարդամեքենայի շինութեան խմբակի աշակերտներուն աշխատանքները: Մարմնամարզի մասով աշակերտները ներկայացուցին կշռութաւոր շարժումներու եւ մարտարուեստի  առանձին պատկերներ, մինչ պարային մասով հանդէս եկան լատինական ու ժամանակակից պարերու եւ պալէի խմբակներուն աշակերտները: Բեմ բերուեցաւ Մեսրոպեանի շահած` Լիբանանի վարժարաններու ճատրակի ախոյեանութեան բաժակը, որ երկրորդ տարին ըլլալով կը հանգրուանէր վարժարանէն ներս:

Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց արուեստի եւ մարմնամարզի խմբակներուն ուսուցիչներուն եւ կազմակերպիչներուն աշխատանքը` ամբողջ տարուան ընթացքին եւ ներկայացուած ելոյթի պատրաստութեան համար: Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Սեդա Միմիտեանին եւ Քրիստ Ճանիքեանին, որոնք հսկեցին ու համակարգեցին այս արտադասարանային ծրագիրը: Կրեկուար Գալուստ գնահատեց ծնողներուն գիտակից մօտեցումը` զաւակներու գեղարուեստական դաստիարակութեան նկատմամբ, վստահեցնելով, որ Մեսրոպեանի ծառայութիւնները այս մարզին մէջ եւս տարուէ տարի պիտի զարգանան: «85-ամեակին մենք բոլորս պիտի տեսնենք նոր Մեսրոպեան մը, որ յենելով այսօրուան յաջողութիւններուն վրայ` պիտի ներկայանայ որպէս առաջնակարգ վարժարան` համալիբանանեան առումներով, շնորհիւ առնչակից կողմերու աշխատասիրութեան, նկատակասլացութեան, սիրոյն եւ նուիրումին», եզրափակեց Կրեկուար Գալուստ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Յուլիս 1969)

Յաջորդը

Մեր Զարմանահրաշ Ակնեցի Հանճարը` Յակոբ Պարոնեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.