Մինսքի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական երկրորդ խաղերուն, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Արման Ադամեան, ժիւտոյի 100 քկ դասակարգի մրցումներուն տիրացաւ ոսկի մետալի մը:
Ան աւարտականին յաղթեց, 2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Վարլամ Լիփարթելիանիի (Վրաստան):
Անոր շահած այս մետալով, Ռուսիոյ մետալներուն թիւը բարձրացաւ 46-ի (21 ոսկի, 12 արծաթ, 13 պրոնզ):



