Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Մէջ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ Ժողով

June 26, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Կողմերը Համաձայնութիւն Գոյացուցին Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Հարցերու Մեծ Մասին Շուրջ» Կ՛ըսէ Փաթրուշեւ

Երէկ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի եւ Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար Մէիր պեն Շապաթի եռակողմ հանդիպումը:

Քննարկումներուն գլխաւոր նիւթը Սուրիոյ իրավիճակն էր:

Փաթրուշեւ հանդիպումի բացման ընթացքին յայտարարեց Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին: Ան նաեւ խօսեցաւ Սուրիոյ կացութեան լուծման հարցերու մեծ մասին շուրջ գոյութիւն ունեցող համաձայնութեան մասին:

«Ես լիովին համաձայն եմ վարչապետ Նեթանիահուի այն դիրքորոշումին, թէ մեր աշխատանքին շնորհիւ Սուրիան ի՛նչ վիճակի մէջ պէտք է ըլլայ, ինչպէս ան ըսաւ` խաղաղ եւ անվտանգ, իսկ ես կ՛ուզեմ աւելցնել, որ ապահովուին Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւն: Սուրիան նաեւ պէտք է համապատասխանէ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան», նշեց Փաթրուշեւ:

Խօսելով սուրիական հարցի լուծման մօտեցումներուն մասին` Փաթրուշեւ նշեց. «Մենք համաձայնութիւն գոյացուցինք (այն հարցերուն) մեծ մասին շուրջ, թէ վերջին հաշուով ինչպիսի՛ն կ՛ուզենք տեսնել Սուրիան: Այն բանի շուրջ, թէ ատիկա ինչպէ՛ս ընել, մենք պէտք է երկխօսութիւն վարենք»:

Պոլթըն իր կարգին բանակցութիւնները նկատեց արդիւնաւէտ: «Մենք հաւաքուած ենք, որ քննարկենք խնդիրները, որոնք Միջին Արեւելքի մէջ կը մտահոգեն մեզ: Ես կը կարծեմ, թէ այդ քննարկումները արդիւնաւէտ էին», ըսաւ ան:

«Իրան ունի իր թեւերը, որոնք շրջանին մէջ բռնութիւն կը կիրարկեն եւ կը սպառնան: Ան կ՛աջակցի Հըզպալլային, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ կը զինէ Իրաքի մէջ շիի միլիսները», յայտնեց Պոլթըն` աւելցնելով. «Իրանի մէջ տնտեսութիւնը կը փլուզուի»:

«Պէտք է ունենանք ռազմավարութիւն մը Իրանի եւ անոր միլիսներուն Սուրիա վերադարձը արգիլելու», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդատուն` աւելցնելով. «Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծումը ամէնէն լաւն է, եւ ռուսերը բազմիցս արտայայտեցին, թէ կը փափաքին, որ իրանցիները հեռանան Սուրիայէն»:

«Կը գիտակցինք շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման մէջ Իսրայէլի առանցքային դերակատարութեան», ընդգծեց Պոլթըն:

 

Նախորդը

Թրամփ Քսաններու Խմբակի Ժողովի Ընթացքին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Շարք Մը Ղեկավարներու Հետ

Յաջորդը

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Յստակացան Կիսաւարտականին Հասնող Խումբերը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.