Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամետեարով. «15 Տարիէ Ի Վեր Նոյն Ծրագիրը Կը Քննարկենք»

June 22, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր միջեւ բաւական լուրջ տարակարծութիւններ կը մնան: Ընդհանուր առմամբ կը քննարկենք նոյն առաջարկները: 15 տարիէ ի վեր կը տեսնենք նոյն գաղափարները, խաղաղութեան նոյն ծրագիրը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք` մեկնաբանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու նոր առաջարկները:

Նախարարը նշած է, թէ հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած են աշխուժ եւ խոր բանակցութիւններ` աւելցնելով, որ համանախագահները յաւելեալ փաստաթուղթեր տրամադրած են` աւելի բովանդակալից բանակցութիւններու համար:

«Մանրամասնութիւններու շուրջ կային որոշ տարակարծութիւններ, սակայն, ինչպէս կ՛ըսեն, կարեւորագոյնը ինքնին մանրամասնութիւններն են: Մենք կը հասկնանք, որ անհրաժեշտ է աւելի մեծ քաղաքական կամք ցուցաբերել: Շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը պէտք չէ խանգարէ հռչակագիրին կամ խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնելուն», ըսած է Մամետեարով:

«Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Ներկայացուցած Են Բանակցային Հոլովոյթի Յառաջխաղացման Ուղղուած Առաջարկներ» Կ՛ըսէ Պաքու

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, մեկնաբանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ունեցած հանդիպումը, յայտարարած է, թէ համանախագահները նախարարներուն ներկայացուցած են յստակ արդիւնքներու հասնելու ուղղուած առաջարկներ:

«Արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետարովի եւ Զոհրապ Մնացականեանի ուաշինկթընեան հանդիպումին ընթացքին համանախագահները երկու կողմերուն քննարկման ներկայացուցած են յստակ արդիւնքներու հասնելու եւ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի յառաջխաղացման ուղղուած առաջարկներ», յայտարարութեան մէկ հատուածը կը մէջբերէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, թէ հանդիպման շնորհիւ համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկայ ամիսներուն նոյն ձեւաչափով հերթական հանդիպում ունենալու վերաբերեալ:

«Կը գտնենք, որ նման հանդիպումները դրական բնոյթ ունին եւ կ՛աջակցին բանակցային հոլովոյթի զարգացման», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

«Փութինի Հետ Պիտի Քննարկենք «Էս-400»-ներու Հարցը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

«Թիֆլիսի Մէջ Բողոքի Ցոյցերը Ռուսատեաց Սադրանք Են» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.