Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Մանկապարտէզը Աւարտական Վկայական Շնորհեց 51 Ծաղիկներու

June 21, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 51 ծաղիկներ տօնական հանդէսով մը նշեցին մանկապարտէզի շրջանի աւարտը, որ միեւնոյն ժամանակ կը նշէր անոնց մուտքը` նախակրթարան:

Հանդէսը արտացոլացումը եղաւ կրթական այն ծրագիրին, զոր ծաղիկները իւրացուցած էին նախորդ տարիներուն: Այնտեղ կարելի էր յստակօրէն տեսնել այն կարեւորութիւնը, որ մանկապարտէզին մէջ կը շնորհուի մանուկներու բազմակողմանի զարգացման` լեզուներու իմացութեան, ֆիզիքական դաստիարակութեան եւ հայեցի կրթութեան:

Ծաղիկներու թովիչ ձայնով Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի  քայլերգներու կատարումէն ետք բացման խօսքեր արտասանեցին փոքրիկ շրջանաւարտները: Բեմին վրայ` մանկապարտէզի պատասխանատու Գարոլին Թերզեանի հետ հետաքրքրական երկխօսութեամբ մը, անոնք խօսեցան մանկապարտէզին մէջ իրենց առօրեային եւ ստացած գիտելիքներուն մասին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցչուհիներուն եւ ծնողներուն:

Հանդէսին գեղարուեստական յայտագիրը եղաւ գոյներով, բազմալեզու ձայներով եւ ֆիզիքական վարժանքներով յագեցած: Ծաղիկները պարեցին, ասմունքեցին ու երգեցին չորս լեզուներով եւ ներկայացուցին իրենց ֆիզիքական զարգացումը արտայայտող պարեր եւ ռիթմիկ շարժումներու պատկերներ:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ անցած տարի վարժարանին մէջ ընթացք առած կրթական լայնածիր բարեփոխութիւնները արդէն իսկ տուած են ակնկալուած արդիւնքները: Կը կիրարկուին ուսուցման նորագոյն մեթոտներ, ուշադրութեան առարկայ է աշակերտներու քննական մտածողութեան զարգացումը, դասի ժամերը դարձած են համապատասխան` աշակերտներու տարիքային իւրայատկութիւններուն եւ ուսուցիչները կը մասնակցին տեւական զարգացման ծրագիրներու: Կ. Գալուստ բարձրօրէն գնահատեց  մանկապարտէզի անձնակազմի անդամները,  աշակերտներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կրթական բարեփոխումներուն մէջ իրենց ցոյց տուած պատրաստակամութեան համար: Ան համոզում յայտնեց, որ Մեսրոպեան մանկապարտէզէն իրենց քայլերը սկսող փոքրիկները ապագային պիտի դառնան տիպար հայեր ու քաղաքացիներ` բոլոր առումներով յաջողելու համար կեանքին մէջ:

Նախորդը

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսով Փակեցին Տարեշրջանը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայր

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.