Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

December 22, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դպրոցի մարդակերտման առաքելութիւնը կրթական-մանկավարժական աշխատանքներով չի սահմանափակուիր միայն: Ընկերային եւ ընտանեկան արժէքներու փոխանցումը եւս կը ներկայացնէ առաջնահերթ կարեւորութիւն, վաղուան հայ մարդու առողջ կազմաւորման համար: Այս մտահոգութեամբ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին տնօրէնութիւնը անցնող շաբաթներուն ձեռնարկեց աշակերտական հանդիպում-զրոյցներու շարքի մը, հիւր դասախօսներու ճամբով լուսարձակի տակ առնելով պատանեկան-երիտասարդական տարիքի յատուկ հարցադրումներ` բժշկական, գիտական եւ բարոյական նիւթերու շուրջ:

Հանդիպումներուն շարքը առաւելաբար ընդգրկեց սեռային դաստիարակութեան եւ անոր առնչուած ընկերային-բարոյական ըմբռնումներու կապուած նիւթեր, զորս ներկայացուցին մասնագէտ չորս բժիշկներ եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան վարդապետ մը:

Այսպէս, տոքթ. Գոհար Վարդանեան քոլեճին եօթներորդ դասարանի աշակերտութեան խօսեցաւ արբունքի տարիքին ընկերացող ֆիզիքական եւ հոգեբանական փոփոխութիւններուն եւ այս ուղղութեամբ առնուելիք առողջապահական քայլերուն մասին:

Տոքթ. Իրինա Արփաճեան ութերորդ դասարանի աշակերտութեան փաուըր-փոյնթով ներկայացուց «Մարդկային սեռերու տարբերութիւնները եւ աճման հանգրուանները» նիւթը: Ներկայացման յաջորդող հարցում-պատասխանի բաժինը եղաւ բաւական երկար ու հետաքրքրական:

Իններորդ, տասներորդ եւ BT-1 դասարաններու աշակերտութեան հետ զրոյց-դասախօսութիւն մը ունեցաւ տոքթ. Վարուժան Պետիրեան` «Սեռային երեւոյթներու շուրջ պատանեկան հարցադրումներ» նիւթով: Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան նիւթին վերաբերող ընկերային-բարոյական ըմբռնումներ եւ զանոնք մեր ընտանիքներէն ներս կիրարկելու ձեւեր:

Տասնմէկերորդ, տասներկրորդ, BT-2 եւ BT-3 դասարաններու աշակերտները ունեցան երկու հիւր դասախօսներ` տոքթ. Վիգէն Նանեճեան եւ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Տոքթ. Նանեճեան աշակերտութեան խօսեցաւ «Սեռային երեւոյթներու շուրջ երիտասարդական հարցադրումներ» նիւթին շուրջ` պատասխանելով աշակերտներու մեծաթիւ հարցումներուն: Գրիգոր Ծ. վրդ., իր կարգին, խօսեցաւ ընկերային եւ ընտանեկան փոխյարաբերութիւններու կրօնաբարոյական սկզբունքներու մասին` շեշտելով առողջ ընտանիք կազմելու ընկերային եւ ազգային մտահոգութիւնները: Իր նիւթին աւարտին Գրիգոր Ծ. վարդապետ աշակերտութեան նուիրեց կրօնաբարոյական իր հրատարակութիւններէն բազմաթիւ օրինակներ` քննարկուած նիւթերուն շուրջ աշակերտներուն հետաքրքրութիւնները խորացնելու եւ մտածումի յաւելեալ առիթ տալու համար:

Նախորդը

ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍԸ Ս. ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

«ԶԲԱՂԱԾ ԵՄ, ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻՄ…»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.