Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը շրջանի բնակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ ընդհանուր ապահովութեան, մաքրութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին համար որոշած է հետեւեալը.
Ա.- Քաղաքացիներէն եւ շրջանի բնակիչներէն կը պահանջուի սոյն գրութեան թուականէն մինչեւ երկու ամիս իրենց շէնքերու տանիքներէն վերցնել հեռատեսիլի «անթեն»-ները, աղբերը եւ բոլոր հին ու լքուած իրերը:
Բ.- Բնակիչներու այս աշխատանքը դիւրացնելու համար վերոյիշեալ երկու ամիսներուն ընթացքին, կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, քաղաքապետարանի բեռնակառքեր պիտի շրջին թաղերուն մէջ: Բնակիչներուն կը մնայ տանիքներէն իջեցնել այդ «անթեն»-ներն ու իրերը, եւ քաղաքապետարանի բեռնակառքերը կը ստանձնեն զանոնք փոխադրելու ու թափելու աշխատանքը:
Գ.- Երկու ամսուան ժամանակամիջոցի աւարտին, քաղաքապետարանի աշխատակազմը պիտի ստուգէ տանիքներուն վիճակը, եւ չմաքրուած տանիքներուն պատասխանատուները պիտի ստիպուին մաքրել ու հոգալ փոխադրութեան եւ թափելու ծախսերը:
Յոյս ունինք, որ քաղաքացիներն ու բնակիչները կ՛ընդառաջեն ու կը գործակցին այս նախաձեռնութեան հետ, ի խնդիր ընդհանուր ապահովութեան, մաքրութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին:
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Քաղաքապետ Պուրճ Համուտի
————————————-
Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՒ Ս. ԳԱՅԵԱՆԵԱՆՑ
ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՏՕՆ
Հանդիսապետութեամբ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Լիբանանի հայոց առաջնորդ
Շաբաթ, 22 յունիս 2019, երեկոյեան ժամը 6:00, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ժամերգութիւն, սուրբ կոյսերու մասունքով թափօր, սուրբ պատարագ եւ ջրօրհնէք
Պատարագիչ եւ քարոզիչ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ հայորդիները` մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն եւ սրբուհիներուն բարեխօսութեամբ ստանալու Աստուծոյ օրհնութիւնը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆի մահուան 5-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 23 յունիս 2019-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍՕՍԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 23 յունիս 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
«Bechmezine Country Club»-ը կարիքը ունի վերակացու-պատասխանատուի մը, կեցութիւնը` ապահովուած: Դիմել` հեռ. 03-100482:
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս-Մըզհեր կահաւորուած, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, 2 պատշգամ, 3-րդ յարկ, ծովահայեաց: Ամսական 700$: Հեռ. 03-210051:
————————————-
ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ԿԱՐԻՔ
Քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը կարիքը ունի վկայեալ ուսուցիչներու` զանազան նիւթերու մէջ: Հետաքրքրուողներ իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ղրկել [email protected] հասցէին:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳՈՒՍԱՆ» ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ
30 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

