Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

June 18, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Ալեն Աուն, Սամիր Ժսըր, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա:

Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ խորհրդարանը այս ամսուան աւարտին պիտի գումարէ օրէնսդրական նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին օրակարգի վրայ եղող 9 օրինագիծեր, որոնց վրայ պիտի աւելնան նաեւ այլ օրինագիծեր:

Ան աւելցուց, որ Պըրրի գոհ է ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումի ընթացքէն:

Ֆըրզլի ընդգծեց դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան կարեւորութիւնը:

Պըրրի նախագահեց նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Մազարեհ Շեպաայի, Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Ղաժար գիւղաքաղաքի ազատագրումը պիտի մնան պլոքին խորհրդարանական աշխատանքին առաջնահերթութիւնները:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը պիտի մնայ Լիբանանի ծովային իրաւունքները երաշխաւորողն ու պաշտպանողը` իսրայէլեան ոտնձգութիւններէն:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Այն Թինէ այցելուներէն եղաւ նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող խնդիրներ:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր կարծիքով` շրջանին մէջ պատերազմ մը պիտի չբռնկի, որովհետեւ ոչ ոք կը փափաքի պատերազմիլ:

 

Նախորդը

Պէյրութի Քաղաքապետարանը Վերացուց Ռամլեթ Պայտայի Ծովափին Ապօրինի Շինարարութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Ամրապնդելու Ապահովական Իր Կայունութիւնը»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.