Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Ժամանակակից Հրատարակութիւններու Ներկայացում

June 12, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 11 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ժամանակակից  հրատարակութիւններու ներկայացում: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ներկաներուն յիշեցուց, թէ Արցախէն Լիբանան եկած է արուեստագէտներու պատուիրակութիւն մը, որ զանազան առիթներով ու ձեռնարկներու միջոցով  շփում պիտի ունենայ լիբանանահայ գաղութին հետ: Ան անդրադարձաւ Համազգայինի Հայաստան հաստատումի պատմութեան, ինչպէս նաեւ 2 տարիներ առաջ Արցախի մէջ Համազգայինի գրասենեակի բացումին ու գործունէութեան` Լիբանան-Արցախ համագործակցութեան ու արուեստագէտներու փոխադարձ այցելութեան: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի դէպի սփիւռք գործուղումը սկիզբ առաւ Լիբանանէն: Իր խօսքի աւարտին Յ. Հաւաթեան ներկայացուց Արցախէն եկած խումբի անդամները` Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն, գրականութեան ու մշակոյթի մասնագէտ եւ գիրքերու հեղինակ Հերմինէ Աւագեան, գեղանկարիչ եւ արուեստագէտ Լիանա Քոչարեան, արցախեան ձեռարուեստի մասնագէտ Սաթենիկ Այելեան, «Արցախ Կարպետ» ընկերութեան տնօրէն Սեւակ Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ երիտասարդ երգիչ Արթուր Խաչենց:

Հրատարակութիւնները ներկայացուց Համազգայինի Արցախի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան: Ան հաստատեց, որ «Արցախը համայն հայութեան ոստանն է եւ մեր հայրենիքի անխախտելի եւ անբաժանելի մասը»: Անդրադառնալով արցախեան պատերազմին` ան դիտել տուաւ, որ սահմանին` պատերազմը տակաւին աւարտած չէ, սակայն պատերազմի կողքին արցախցի արուեստագէտը կը շարունակէ ստեղծագործել: Ան ըսաւ. «Արցախցի արուեստագէտը ըսելիք ունի, Արցախի մշակոյթը միշտ հայկական եղած է»: Խօսելով արցախցի արուեստագէտներու մասին` ան հաստատեց, որ անոնք կը ներկայացնեն իրենց ստեղծագործական ոգին եւ շնորհը տարբեր երկիրներու մէջ` արժանանալով բարձրագոյն մակարդակի մրցանակներու եւ յաջողութիւններու: Ան յայտնեց. «Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ Արցախը ո՛չ միայն յաղթող է մարտի դաշտի վրայ, այլ նաեւ արուեստի դաշտի վրայ` վրձինով ու գրիչով»:

Հ. Աւագեան հաստատեց, որ Արցախը ո՛չ միայն այս երկու տարիներուն ընթացքին, այլեւ միշտ ներկայ եղած է Համազգայինի աշխատանքներու առանցքին մէջ: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի Արցախի գրասենեակին կոչումն է մաս կազմել Արցախի մշակութային կեանքի աշխուժացման աշխատանքին: Ան անդրադարձաւ 2 տարուան ընթացքին գրասենեակին տարած աշխատանքներուն` Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Այդ աշխատանքներուն շարքին են այս տարի Կոմիտասի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկները:

Հ. Աւագեան անդրադառնալով հրատարակութիւններուն, ներկայացուց Համազգայինի տարեգիրքը, որ Արցախի ու արցախեան մշակոյթին` երգարուեստ, պարարուեստ… մասին է: Ան ներկայացուց իր հօրը` Արմէն Աւագեանին նուիրուած իր հեղինակած առաջին գիրքը` «Պատերազմ… աչքեր… ծաղիկներ…», որ իր մանկութենէն` «չապրուած մանկութենէն» քաղուած պատմուածքներու շարք մըն է:

Խօսք առաւ նաեւ «Պատերազմ… աչքեր… ծաղիկներ» գիրքը ձեւաւորած ու պատկերազարդած, Հ. Աւագեանի մանկութեան բարեկամ  Լիանա Քոչարեան, որ խօսեցաւ գիրքի պատմուածքներուն իրապաշտութեան ու հեղինակ Հ. Աւագեանի մասին:

Ապա, հանդէս եկաւ արցախցի երգիչ Արթուր Խաչենց, որ նախքան փունջ մը Արցախի նուիրուած երգեր երգելը, ներկաներէն խնդրեց 2016-ի արցախեան պատերազմը կոչել «Ապրիլեան պատերազմ» եւ ոչ թէ «Քառօրեայ պատերազմ», որովհետեւ այդ պատերազմը չորս օրէն չաւարտեցաւ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքերու վաճառք. հեղինակ Հերմինէ Աւագեան մակագրեց իր գիրքը:

Յայտնենք նաեւ, որ արցախցի արուեստագէտներու պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց նաեւ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

 

 

Նախորդը

Կը Շարունակուին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Ներկայացումները Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքին Սրբութիւնը Պէտք Է Պահել Անեղծ` Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Ճամբով»

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.