Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինցիք Եւ Իսրայէլեան Ընդդիմութիւնը Բուռն Կերպով Կը Քննադատեն Իսրայէլի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Յայտարարութիւնը

June 10, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմըն շաբաթ օր «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ հրապարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով  Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերը Իսրայէլին կցելու մասին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարութիւնը, յայտնեց. «Որոշ պայմաններու մէջ… Իսրայէլ իրաւունք ունի որոշ տարածքներ, սակայն հաւանաբար ոչ ամբողջ Այսրյորդանանը պահելու»:

«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ պաղեստինցի կարգ մը պաշտօնատարներ բուռն կերպով դատապարտած են դեսպանին խօսքերը: Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Սայէպ Օրէյքաթ նշած է, որ դեսպան Ֆրիտմընի խօսքերը կ՛ընդգծեն ամերիկեան վարչակազմին ի նպաստ Իսրայէլի կողմնակալութիւնը: «Իզրայէլ Թայմզ» օրաթերթը կը նշէ, թէ ան աւելցուցած է, որ Պահրէյնի մէջ նախատեսուած տնտեսական խորհրդաժողովը պոյքոթի ենթարկելու պաղեստինցիներու որոշումը արդարացի է:

Մեկնաբանելով դեսպանին խօսքերը` Օրէյքաթ ըսած է. «Անոնց տեսլականը բռնագրաւեալ տարածքներու կցումն է` միջազգային օրէնքի համաձայն պատերազմական ոճիր մը»:

Ֆաթհ շարժումը իր կարգին նշած է. «Պաղեստինեան իշխանութիւնը յանձնառու է խաղաղութեան, սակայն ոչ որեւէ գինով, (իշխանութիւնը յանձնառու է) արդար, համապարփակ եւ երկարատեւ խաղաղութեան մը` հիմնուած միջազգային օրէնքի, (ՄԱԿ-ի) որոշումներուն, եւ երկու պետութիւն սկզբունքին, որմէ Ֆրիտմըն կը խուսափի»:

Իսրայէլեան «Մերեց» կուսակցութեան ղեկավար Թամար Զանտպերկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Ֆրիտման Իսրայէլի պետութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն է եւ ոչ թէ բնակեցման վայրերուն մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, եւ ան պէտք է գիտնայ, թէ կցումը Իսրայէլի համար աղէտ մը պիտի ըլլայ»:

«Հատաշ-Թա՛ալ» կուսակցութեան ղեկավար Այման Օտեհ իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ պատգամ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, զոր անուանած է «Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ նարնջագոյն մարդը»:

Նշենք, որ Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ դատապարտեց դեսպան Ֆրիտմանի յայտարարութիւնը` զայն նկատելով ամերիկեան վարչակարգին ամբողջովին «բռնագրաւման ու վերջինիս գաղութատիրական, ընդլայնման քաղաքականութեան կողմնակալ քաղաքականութեան շարունակութիւնը»:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ կ՛ուսումնասիրէ «բնակեցուած Ֆրիտմընի» «ցեղապաշտական» խօսքերուն դէմ Միջազգային քրէական դատարանին մօտ հայց ներկայացնելու կարելիութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ըստ Լրատուամիջոցներու. Ուաշինկթըն Եւ Թել Աւիւ Մտադիր Են Սուրիոյ Հարցով Առաջարկ Ընել Մոսկուային

Յաջորդը

Ռուհանի. «Իրան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Ընդլայնումը Կարեւոր Է Շրջանային Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Ամրապնդման Համար»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.