Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 158-ամեակը

June 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 158-ամեակը, որ կը զուգադիպի 9 յունիսին, եւ որ այս տարի պիտի նշուի` «Միասին` աւելի ապահով ընկերութեան համար» խորագիրով:

Նախագահը դրուատեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն զոհաբերութիւնը եւ դիտել տուաւ, որ բանակին ու ապահովական այլ ուժերու հետ անոնք կը կազմեն այն վահանը, որ կը պահպանէ քաղաքացիական խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ լիբանանցիներուն հանգստութեան կը հսկէ:

Դատապարտելով Ներքին ապահովութեան ուժերու երկու նահատակներուն սպանութիւնը ահաբեկչական արարքի մը իբրեւ հետեւանք` նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ անոնց, ինչպէս նաեւ բանակայիններուն նահատակութիւնը կը փաստէ, որ այս կառոյցները կառչած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ աններող են նման արարքներու դիմողներուն նկատմամբ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, թէ 8 յունիսին նշելով «Դատական իշխանութեան նահատակներու օր»-ը, կարելի է հաստատել, որ ապահովական եւ դատական կառոյցներուն միջեւ սերտ կապ կայ` արդարութիւն տնօրինելու եւ իրաւունքը վերականգնելու առաջադրանքով: Ըստ անոր, դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնը չ՛ապահովուիր խօսքով եւ օրէնքներով միայն, այլ նաեւ համագործակցութեամբ, որովհետեւ թէ՛ դատական, եւ թէ՛ ապահովական մարմինները միասնաբար կը կազմեն մէկ էութիւն, ուստի անոնց միջեւ երկխօսութիւնն ու հասկացողութիւնը հրամայական է:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ Արտերկրի լիբանանցիներու մարդուժի 6-րդ համագումարին մասնակցող, Կեդրոնական Ամերիկայի երկու երեսփոխաններ Անթուան եւ Ֆարիտ Ռաֆֆուլ: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն, զանոնք աւելի աշխուժացնելու կարելիութիւններուն. լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն, որ հոն ապրող եւ գործող լիբանանցիները կրնան իրենց դերակատարութիւնը ունենալ այս առումով, որուն համար ալ նման համագումարներ անհրաժեշտ նկատուեցան: Զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապրողներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները հետզհետէ աւելի պիտի սերտանան, որովհետեւ շուտով գործադրութեան պիտի դրուին այն յանձնարարականները, որոնք ճշդուեցան Արտերկրի լիբանանցիներու մարդուժի 6-րդ համագումարին ընթացքին, ինչպէս նաեւ մեկնելով արտերկրի լիբանանցիներուն ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքներու վերականգնումէն: ն

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Վաւերացնելու Ամավարկը Եւ Կասեցնելու Մսխումը

Յաջորդը

Ընկեր Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Ընտրուեցաւ Բժիշկներու Սենտիքայի Խորհուրդի Անդամ

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.