Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպիրներու Եւ Կիսասարկաւագներու Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

June 10, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 9 յունիս 2019-ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Օշին աբղյ. Չուալերթանեանի:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաներէն տասնվեցը մաս կազմեցին հայ եկեղեցւոյ դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու դասին: Դպրութեան կարգ ստացան 11 ժառանգաւորներ` Երուանդ Եղիայեան, Ներսէս Իսահակեան, Սարգիս Մարտիրոսեան, Գաբրիէլ Պետրոսեան, Աւետիս Պետրոսեան, Գէորգ Այվազեան, Գաբրիէլ Թահանեան, Մինաս Ճանսզեան, Խաչիկ Մարտիրոսեան, Քարլօ Մարտիրոսեան եւ Յովհաննէս Պայտունեան, իսկ կիսասարկաւագական կարգ ստացան հինգ ընծայարանականներ` Տեմիս Այվազեան, Հրակ Գալայճեան, Շանթ Գատեհճեան, Էմմանուէլ Սիրջանեան եւ Նարեկ Ֆիլիկեան:

Ձեռադրիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հոգեգալստեան տօնին: Խօսելով տօնի պատգամին ու վերնատան մէջ առաքեալներուն վրայ հանգչած կրակէ լեզուներու պատկերով Ս. Հոգիին մասին, հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ այդ օր առաքեալներուն եւ թէ ի՞նչ պէտք է պատահի այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ: Առ այդ, ան մանրամասն անդրադարձաւ առաքեալներու հոգիներուն ու սրտերուն մաքրութեան եւ Ս. Հոգիով մկրտութեան շնորհին: Սրբազան հայրը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը հետեւելու անոնց օրինակին ու գօտեպնդուելու աստուածային իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ, որովհետեւ այսօր ամէն բանէ աւելի կարիքը ունինք առաքեալներուն նման խօսելու ճշմարտութիւնը: Վերջապէս, խօսքը ուղղելով նոր ձեռնադրուած դպիրներուն ու կիսասարկաւագներուն, սրբազանը ընդգծեց, որ այս տօնին առիթով ստացած իրենց ձեռնադրութիւնը պէտք է զիրենք մղէ Ս. Հոգիի նախանձախնդրութեամբ ու հեզութեամբ ծառայելու Աստուծոյ, եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին: Ձեռնադրիչ սրբազանը իր քարոզը եզրափակեց իր որդիական շնորհակալութիւնը յայտնելով վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելով զինք, դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ծնողներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը` ձեռնադրութեան առիթով:

Պատարագի աւարտին, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, դպրեվանքի տեսչութիւնն ու նոր ձեռնադրուած դպիրներն ու կիսասարկաւագները ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

 

 

Նախորդը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 166-րդ Նիստ. Մասիս Եպս. Զոպույեան` Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի Տեսական Ու Գործնական Աշխատանքներով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.