Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Հողերուն Դէմ Որեւէ Կրակոց Պիտի Չհանդուրժենք Եւ Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Մեր Դէմ Կատարուած Որեւէ Յարձակումի» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

June 3, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ երէկ «Սուրիայէն Կոլանի դէմ ռումբերու արձակումէն ետք» կատարած է անվտանգութեան վերաբերեալ խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին իսրայէլեան բանակին յանձնարարած է «խիստ գործողութիւն մը» կատարել:

Նեթանիահու նշեց, որ Իսրայէլ իր հողերուն դէմ որեւէ կրակոց պիտի չհանդուրժէ, «եւ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք մեր դէմ շղթայազերծուած որեւէ յարձակումի: Այս է քաղաքականութիւնս, եւ զայն պիտի շարունակենք կիրարկել` երաշխաւորելու համար Իսրայէլի անվտանգութիւնը»:

Իսրայէլեան բանակը կիրակի օր յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ յարձակում գործած է սուրիական զինուորական դիրքերու դէմ` հակադարձելով Սուրիայէն բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ Ժապալ Շէյխի ուղղութեամբ հրթիռներու արձակման:

Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, թէ սուրիացի 3 զինուորներ զոհուած են եւ 7 ուրիշներ վիրաւորուած Քնէյթրայի արեւելեան գիւղական շրջանին դէմ արձակուած իսրայէլեան շարք մը հրթիռներու պատճառով:

Աղբիւրը նշեց, որ երէկ արշալոյսին բռնագրաւեալ Կոլանի կողմէն եկող «կարգ մը օդային թիրախներ երեւան եկան», եւ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը անմիջապէս դէմ դրած են անոնց ու վնասազերծած հրթիռները, որոնց թիրախը Սուրիոյ բանակի Դամասկոսի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող դիրքերն էին:

Իսրայէլեան կողմը վերստին հրթիռներ արձակած է` այս անգամ Քնէյթրայի արեւելեան գիւղական շրջանին դէմ, այդ պատճառով ալ 3 սուրիացի զինուորներ վիրաւորուած են, 7 ուրիշներ վիրաւորուած են, ինչպէս նաեւ նիւթական կարգ մը վնասներ արձանագրուած են:

Ըստ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին, իսրայէլեան յարձակումներուն թիրախը Հըզպալլայի եւ Իրանի` Դամասկոսի հարաւը գտնուող դիրքերն ու մթերանոցներն էին:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ թիրախներու շարքին էին երկու հրետանիներ եւ Կոլանի շրջանին մէջ հսկողութեան ու տեղեկահաւաքի շարք մը դիրքեր, ինչպէս նաեւ օդային պաշտպանութեան «ՍԱ-2» համակարգ մը:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Էրտողանին

Յաջորդը

Ռուսիան Պիտի Մասնակցի ԵԽԽՎ-ի Նստաշրջանին, Եթէ…

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.