Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ֆետերասիոնի անդամներ Ղազի Պուսթանի, Փաթրիք Լահուտ, ինչպէս նաեւ տարիքային խումբերու պատասխանատուներ, այցելեց Լիբանանեան – գերմանական համալսարան:
Պատուիրակութիւնը ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ համալսարանի բժշկական բաժանմունքի նախագահ բժշկուհի Սէյտա Սահիունին, որ պէտք եղած բոլոր բժիշկներն ու մարզիկներու ֆիզիքականին հոգ տանող անձերը տրամադրեց Լիբանանի պասքեթպոլի տարիքային ախոյեանութիւններուն ընթացքին:



