Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Փնտռեմ

May 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻՐԵԱՆ

Պարզ փնտռտուք մը չէ ըրածս, ինչպէս նաեւ պարզ բան մը չէ փնտռածս: ճիշդ է, որ թանկագին առարկայի մը արժէքը ունի, սակայն առարկայ մը չէ: Փնտռտուքս չի նմանիր մամուլի էջերու այն փոքրիկ սիւնակներու մէջ շարքի անցած յայտարարութիւններուն:

Անողոք ու անկաշառ մարդկային խղճմտանքէ ծնունդ առած բան մըն է, որ նետեր է զիս մտածման խորերը:

Այլ խօսքով` անցեալի եսակեդրոն տարիքիս անփորձութեան մշուշէն եկող գաղափար մը, որ կը մաշեցնէ ուրախութիւնս, կ՛այրէ զայն հսկայ փայտերու նման, եւ որոնց ճարճատիւնը կը խլացնէ ականջներս:

«Հրաշալի տեսիլ մըն է կեանքը,- ինչպէս ըսած էր Գրիգոր Զօհրապ,- դիտուած` վարագոյրի մը պատռուածքէն, զոր պատանութիւն կ՛անուանեն»: Ահա

իմ փնտռածս հոն է, ծանօթ` բոլորին, բոլոր անոնց, որոնք այդ վարագոյրէն անդին տեսած եւ ապրած են զայն:

Այս մասին յաճախ շուրջիններուս կը հարցնեմ, որոնք ապշահար կը դիտեն վիճակս: Բոլորը կը ծաղրեն զիս, կը խնդան ցած ձայնով կամ բարձրաձայն: Ու ես անոնց ծիծաղին ու խնդուքին մէջէն ինքնաբերաբար կը ստեղծեմ ատելութեանս կաղնին: Կ՛ատեմ զիրենք: Կ՛ատեմ ամէն ինչ, նոյնիսկ ակամայ` փնտռածս: Բայց եւ այնպէս կը շարունակեմ զայն փնտռել:

Յստակ գիտեմ Համաստեղի «Աղօթարանը»: Ծանօթ եմ Մեծարենցի «Հով»-ին, բայց իմ փնտռածս անոնց չի նմանիր:

Անոնցմէ չէ:

Ինծի համար սքանչելի գեղեցկութիւն մը ունի ան, սպիտակ արձանի մը նման, որ թանգարանի մը միակ զարդը ըլլալ կը թուի:

Օրերով երազած եմ: Վաղ երիտասարդութեանս տարիները անոր յաճախանքով մաշեցուցած եմ: Զինք հասկնալ փորձած եմ, ու երբ զինք ունենալուս սփոփանքով յաւակնոտի պարծենկոտ նայուածքներովս շուրջս դիտած եմ, եւ երբ բոլոր զգացումներս ու էութիւնս զինք շղթայած են, ահա այդ միջոցին զգացած եմ, որ ան ալ առանձին է: Զինք կորսնցուցած եմ:

Իր կորուստով, իր բացակայութեամբ աշնանային ծառի նման խղճալի դարձած եմ:

Ասիկա էր անցեալը:

Ու հիմա, ժամանակէն առաջ ճերմկցող մազերովս, բազմաշերտ մտմտուքներով բեռնաւորուած ճակատովս կը փորձեմ անորոշութենէս դուրս մնալ ու այդպէս քալել` միշտ զայն փնտռելով:

Բաժնուած էինք իրարմէ: Զիրար կորսնցուցած առանց կռուի, առանց իրարու դէմքին թունաւոր նետերու նման ծանր խօսքեր արձակելու: Անոր համար հիմա միակ վախս զայն չգտնելն է:

Չգտնել այն, որուն հաւատացած չէի իր ժամանակին, սակայն հիմա իր հարուածներուն ստրուկը դարձած եմ: Ու զինք կը փնտռեմ ամէն տեղ:

Ապարդի՛ւն:

Ու իբրեւ գիտակից որոնումիս ունայնութեան` ամէն փնտռտուքէ ետք կը փորձեմ մոռնալ զայն: Դադրիլ զինք հալածելէ:

Կը մտածեմ` երբեմն վար դնել որսորդի յոգնած զէնքերս: Բարեկամութիւն հաստատել անոր հետ: Կրկին մտերմանալ:

Բայց ինչպէ՞ս: Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս:

Ծիծաղելի է դաշինք կնքել առանձինդ, երբ երկրորդ կողմը բացակայ է:

Բայց եւ այնպէս, կը կարծեմ, որ արդար չէ զինադուլ կնքել ապերախտի մը հետ, որուն բացակայութիւնն իսկ ճնշող տառապանք մը եղած է ինծի համար ընդմիշտ:

Ըսի, չէ՞, ահա այս է ներկաս, որ նախկինէն ազատագրում մը չէ, այլ` դառն ու նոր տագնապներու վերսկսում մը միայն:

Եւ այսպէս, ուշ մնացած շնորհակալութեան մը նման, յետադարձ ակնարկով կրկին կը սկսիմ փնտռել իր ներկայութիւնը` ազատելու համար խիղճս ու, մանաւանդ,  հետզհետէ մաշող միտքս:

Բայց կը զգամ, որ կրկին ծնունդ առած է նախկին հեւքս, այս անգամ` աւելի նորոգուած, մշակուած եւ զգուշաւոր:

Ու շրջապատիս գիտակցութեան, մտայնութեան եւ ակնարկներուն լեռներն ու ձորերը չափելով, յոգնած հովիւի մը պէս, երբ կը հանգչիմ մտածմանս պղտոր աղբիւրին մօտ, թեթեւ քուն մը զիս դէպի խաբկանք ու երանութիւն կը տանի:

Դարձեալ կ՛իյնամ խեղճութեան մէջ, որ զիս կը տագնապեցնէ ու կ՛ալեկոծէ ներաշխարհս:

Առանձնութեանս համար բաղձալի ընկեր մըն է ան, երանութեան գացող բաղձանքով, զոր դիպուածը օր մը դէմս հանած էր: Վտանգաւոր դիպուած մը` սակայն:

Լերան մը վայելքները հմայիչ տեսարաններով կ՛ազնուացնեն մարդս, սակայն անոնց անմիջական քովը որքան ահաւոր են խորունկ անդունդները:

Վա՜յ սայթաքողներուն:

Ու ես կը զգամ, որ այս վիճակովս ոտքս պիտի սահի, ու անդունդը ոչ միայն զիս պիտի սպասէ, այլ ինծի պիտի մօտենայ:

Բայցեւայնպէս, կրկին կը շարունակեմ ընթացքս, փնտռտուքս` միշտ անիծելով կեանքս, բախտս, շրջապատս, մտայնութիւնները…

Կը քալեմ, նման բոլոր անոնց, որոնց մազերու ցանցառ վիճակէն ու դէմքին արտայայտութենէն կարելի է կարդալ իրենց հոգւոյն ներաշխարհը:

Անոր համար է, որ երբեմն ալ զինաթափ, շատ մտերմիկ, մտածմանս ու գիտակցութեանս դիմաց կեցած, անակնկալ դրուագներով ու ապրած կեանքիս հարուածներովը ուռճացած` միամտօրէն կը հարցնեմ ես ինծի:

Հարց կու տամ, թէ ի՞նչ է այն, որ կը փնտռեմ երկար դադարէ մը ետք, ուր դանակ մը կտրած էր հանգոյցը ապրուած դրուագին:

Ու վերջապէս, գերագոյն գաղտնիք մը տալու պէս, ես ինծի մանուկներու յատուկ միամտութեամբ մը կը պատասխանեմ…

– Առաջին սէրս:

* * *

Գրեթէ երջանիկ եմ այդքանով:

 

 

Նախորդը

Վրիժառու Թեհլիրեանը Ժընեւի Իրաւաբանական Համալսարանի Դասանիւթ

Յաջորդը

Որքան Կը Դիմակայի Իրանը. Տեղեկատուական-Հոգեբանական Գործողութիւններ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.