Պարսելոնայի գերմանացի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Շթիկըն իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Վալենսիայի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 25 մայիսին, Սեւիլլայի մէջ:
27 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ չէ ապաքինած ծունկէն ստացած իր վնասուածքէն:
Ան այս տարեշրջանին, Պարսելոնայի հետ կատարեց 49 մրցում եւ իր բերդին մէջ ստացաւ 43 կոլ: Սակայն ան 23 մրցումի ընթացքին իր բերդը պահեց անառիկ:
Ան չհրաւիրուեցաւ նաեւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ, որ շուտով պիտի սկսի պատրաստուիլ Պիելոռուսիոյ (8 յունիս) եւ Էսթոնիոյ դէմ (11 յունիս) տեղի ունենալիք Եւրօ-2020-ի զտումի մրցաշարքին:



