Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթալոնիոյ Բանտարկուած Քաղաքական Գործիչները Երեսփոխանական Աթոռներ Ստացած Են

May 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթալոնացի չորս քաղաքական գործիչներ, որոնց մեղադրանքներ ներկայացուած են 2017-ին անկախութեան շուրջ անօրինական հանրաքուէ կատարելու վերաբերեալ, 20 մայիսի առաւօտեան փաստաթուղթեր ստացած են Սպանիոյ խորհրդարանին մէջ իրենց երեսփոխանական կարգավիճակին վերաբերեալ, եւս մէկ քաղաքական գործիչ ծերակուտականի աթոռ ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Քաթալոնացի հինգ քաղաքական գործիչներ, որոնց նկատմամբ կը շարունակուի դատական հոլովոյթը Սպանիոյ Գերագոյն դատարանին մէջ, եւ որոնք կը գտնուին նախնական կալանքի տակ, 28 ապրիլին խորհրդարանի երեսփոխաններ ընտրուած են:

Խօսքը Ժեներալիթեթի նախկին փոխնախագահ Օրիոլ Ժունքերասի, Քաթալոնական ազգային ժողով հասարակական շարժման նախկին ղեկավար Ժորժ Սանչեսի, Քաթալոնիոյ կառավարութեան նախկին անդամներ Ժորտի Թուրուլի եւ Ժոզեփէ Ռուլի, ինչպէս նաեւ Ժեներալիթեթի արտաքին գործերու նախկին խորհրդական Ռաուլ Ռոմեւի մասին է: Ժունկերաս, Սանչեսի, Թուրուլ եւ Ռուլ ընտրուած են խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ, Ռոմեւան դարձած է ծերակուտական:

20 մայիսի առաւօտեան չորս քաղաքական գործիչներուն երեսփոխանական պաշտօններու իրաւագիրները յանձնելու համար տեղափոխած են Քոնկրես, իսկ Ռոմեւային` Ծերակոյտ: Անոնք կը գտնուէին ոստիկանութեան ուժեղացուած հսկողութեան տակ, եւ լրագրողներուն կարելիութիւն չեն տուած հարցեր տալ անոնց: Ներկայիս փաստաթուղթեր ստանալու բոլոր ընթացակարգերը աւարտած են, եւ անոնց դարձեալ պիտի տեղափոխեն Մատրիտի բանտ:

21 մայիսին տեղի ունեցան երկու պալատներու հիմնադիր նիստերը, որոնց հինգ քաղաքական գործիչները, Գերագոյն դատարանի որոշումին համաձայն, ներկայ գտնուեցան:

 

 

Նախորդը

Թեհրան – Անգարա Երկաթուղիի Կառուցման Շուրջ Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Յունաստան Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Պոնտոսի Յոյներուն Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.