Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Թոնի Քրուս մէկ տարիով երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի հետ իր գործող պայմանագրութիւնը, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը:
29 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը այժմ նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2023:
Ան 2014-ի ամրան փոխան 25 միլիոն եւրոյի Պայէրն Միւնիխէն միացած էր Ռէալ Մատրիտին:
Ան այս տարեշրջանին արքայական ակումբին հետ 43 մրցումի ընթացքին նշանակեց կոլ մը միայն եւ կատարեց 6 էսիսթ:



