Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուպան Պատրաստ Է Վենեզուելայի Տագնապի Լուծման Օժանդակելու

May 18, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուպա պատրաստակամութիւն յայտնեց Վենեզուելայի տագնապին լուծման օժանդակելու:

Քուպայի արտաքին գործոց նախարարը Քանատայի արտաքին գործոց նախարարին Հաւանա այցելութեան ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու Վենեզուելայի կառավարութեան հետ պետութիւններու գերիշխանութեան եւ միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն հիմամբ երկխօսութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու:

Քուպայի արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատեց, որ իր երկիրը կը մերժէ ուժի կիրարկումը կամ անոր կիրարկման սպառնալիքը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական հետեւանքներ ունեցող միակողմանի տնտեսական պատժամիջոցներու հաստատումը:

Միւս կողմէ, Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ հրամայեց ամրապնդել Քարաքասի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան շէնքին պաշտպանութիւնը` աւելցնելով, որ իր երկրին իշխանութիւնները ատիկա պիտի կատարեն մեկնելով միջազգային համաձայնագիրներուն նկատմամբ իրենց յանձնառութենէն:

Մատուրօ ամերիկեան ոստիկանութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու մէջ Վենեզուելայի դեսպանատուն ներխուժումը նկատեց խուլիկանութիւն` զգուշացնելով, որ այդպիսի արարքները ատելութիւնը կ՛աճեցնեն: Ան ըսաւ, թէ Թրամփ միջազգային օրէնքները չի գիտեր եւ շարունակ զանոնք կ՛ոտնահարէ, որովհետեւ միջազգային օրինականութեան հակասող խորհուրդներ կը ստանայ:

Նշենք, որ ամերիկեան ոստիկանութիւնը հինգշաբթի օր ներխուժած էր Վենեզուելայի դեսպանատուն, սակայն ձախողած էր այդտեղ ամրացած Մատուրոյի զօրակցող բոլոր գործիչները շէնքէն դուրս բերել:

Ամերիկեան ոստիկանութիւնը մէկ շաբաթ առաջ անջատած էր դեսպանատան շէնքի ելեկտրականութիւնն ու ջուրը` այդտեղ նստացոյց կատարողները շէնքէն հեռանալ ստիպելու համար:

Նախորդը

«Սոչիի Մէջ Փութինի Հետ Բանակցութիւնները Խորքային Էին Եւ Յաջող» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Յաջորդը

Յունաստան Թուրքիայէն Պահանջած Է Դադրեցնել Կիպրոսի Տնտեսական Գօտիին Մէջ Ապօրինի Գործողութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.