Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Եւրոպացիներուն Մեծամասնութիւնը Չի Բացառեր Յառաջիկայ 20 Տարուան Ընթացքին Եւրոպական Միութեան Փլուզումը

May 17, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպացիներուն կէսէն աւելին այն կարծիքին է, որ Եւրոպական Միութիւնը, որուն անդամներուն թիւը այժմ 28 է, հաւանաբար փլուզուի յառաջիկայ 20 տարուան ընթացքին: Այս մասին կը վկայէ «ԵուԿով» միջազգային ընկերաբանական ծառայութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզը, որուն տուեալները 16 մայիսին ներկայացուցած է բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:

Հետազօտութեան համաձայն, որ կատարուած է Միջազգային յարաբերութիւններու եւրոպական խորհուրդի վերլուծական կեդրոնին պատուէրով, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Իտալիոյ, Հոլանտայի, Աւստրիոյ, Սլովաքիոյ, Ռումանիոյ, Յունաստանի, Չեխիոյ եւ Լեհաստանի մէջ հարցախոյզին մասնակիցներուն 50 առ հարիւրէն աւելիին կարծիքով` յառաջիկայ 10-20 տարուան ընթացքին Եւրոպական Միութեան փլուզումը «իրաւական կարելիութիւն» է:

Հարցախոյզին հեղինակները կը նշեն, որ այդ երկիրները Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ունին աթոռներուն 80 առ հարիւրը: Ֆրանսայի մէջ հարցախոյզին մասնակիցներուն 58 առ հարիւրը նոյն կարծիքը ունի, իսկ Սլովաքիոյ մէջ` 66 առ հարիւրը:

Միայն երեք երկիրներու` Շուէտի, Դանիոյ եւ Սպանիոյ մէջ այդպիսի տխուր հեռանկար կանխագուշակողներուն համեմատութիւնը հարցախոյզին մասնակիցներէն նուազ է` յաջորդաբար 44, 41 եւ 40 առ հարիւր:

Հարցախոյզին մասնակիցներուն շուրջ մէկ երրորդը, ներառեալ Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի մէջ, չի բացառեր ապագային Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու միջեւ զինեալ տագնապներու յառաջացումը, երբ միութիւնը ինքնին ստեղծուած է եւրոպական ցամաքամասին վրայ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով: Այս կարծիքը, մասնաւորաբար, կը պաշտպանեն Ազգային ճակատ կուսակցութեան ֆրանսական կողմնակիցներուն 46 առ հարիւրը եւ Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութեան կողմնակիցներուն 41 առ հարիւրը:

Հարցախոյզին մասնակիցներուն երեք քառորդին կարծիքով` քաղաքական համակարգը կա՛մ ազգային մակարդակով, կա՛մ Եւրոպական Միութեան մակարդակով անբաւարար կ՛աշխատի: Ֆրանսայի մէջ, ինչպէս կը նշէ հրատարակութիւնը, հարցախոյզին մասնակիցներուն միայն 15 առ հարիւրը կը պաշտպանէ հակառակ կարծիքը:

Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է Եւրոպական խորհրդարանի 23-26 մայիսին նախատեսուած ընտրութիւններու նախօրեակին:

Նախորդը

Հայաստանի Ու Ղազախստանի Միջեւ Գործակցութիւնը Կրնայ Խորանալ

Յաջորդը

Փոմփէօ 31 Մայիսին Պիտի Այցելէ Պերլին

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.