Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին-Փոմփէօ` «Արդիւնաւէտ» Բանակցութիւններ

May 16, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի օր Սոչիի մէջ ուշ գիշերին տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանակցութիւնները:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած բանակցութիւններու աւարտէն ետք Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ արդիւնաւէտ զրոյց ունեցած է Փութինի հետ, որ շատ լաւ գիտէ երկկողմանի յարաբերութիւններու խնդրայարոյց բաժինները:

«Փութինի հետ համաձայնութիւն գոյացուցի Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի ճամբան հարթելու շուրջ», ըսաւ Փոմփէօ:

Կողմերը քննարկեցին սուրիական ճգնաժամը. Փոմփէոն յայտարարեց, որ Սոչիի մէջ կայացած բանակցութիւններէն ետք Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ մօտ ի յայտ եկաւ ընդհանուր ըմբռնումը, այն խնդիրներուն, որոնք կը խանգարեն Սուրիոյ մէջ քաղաքական կարգաւորումը:

Հանդիպումի ընթացքին Փութին յայտնեց. «Այն տպաւորութիւնը գոյութիւն ունի, որ Թրամփ մտադիր է վերականգնել ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները»:

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ կողմերը արագօրէն անդրադարձած են իրանեան հիւլէական գործարքին, Ռուսիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն, սակայն չեն խօսած Ուքրանիոյ եւ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ճակատագիրին մասին:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան պատրաստ է զինուորական կայունութեան վերաբերեալ բոլոր հարցերուն շուրջ վերադառնալ երկխօսութեան, քննարկած հակահրթիռային պաշտպանութեան եւ զինուորական յարձակողական սպառազինութեան նիւթեր:

Կողմերը նաեւ անդրադարձած են Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յունիսի վերջաւորութեան Օսաքայի մէջ, Քսաններու վեհաժողովի ծիրին մէջ, հնարաւոր հանդիպումին: Ըստ Ուշաքովի, Ռուսիան պատրաստ է հնարաւոր հաղորդագրութիւններու:

 

Նախորդը

Եքաթերինպուրկի Մէջ Բախում` Տաճարի Մը Կառուցման Դէմ Բողոքող Ցուցարարներու Եւ Ոստիկաններու Միջեւ

Յաջորդը

Իրան Պաշտօնապէս Դադրեցուց Հիւլէական Գործարքով Իր Պարտաւորութիւններուն Մէկ Մասին Կատարումը

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.