Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշիի Գաղափարախօսութիւնը Հաստատուած Է Ցկեա՛նս

May 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Շուշիի ազատագրութիւնը այն օրն էր, երբ ազգը իր լաւագոյն որդիներով իջաւ մարտի դաշտ` վերջնականօրէն քաշելու կարմիր գիծը մեր եւ մեր անցեալին միջեւ եւ աշխարհով մէկ ծանուցելու մեր ազգային լինելիութեան նոր դարաշրջանը:

Շուշին ոչ միայն ռազմավարական անհրաժեշտութիւն էր արցախեան ազատամարտի ձեւաւորման մէջ, այլեւ ոգեկան հզօր մէկ ոստիւն մեր ժողովուրդին համար: Ան ոչ միայն մեր յաղթանակն էր ցեղասպան թշնամիին դէմ, այլեւ մեր յաղթանակը մեր իսկ վրայ: Ան մեր յաղթանակն էր ընդդէմ բոլոր մեր ձեռնթափութիւններուն, մեր դարաւոր վախերուն, պատանդ մարդու մեր յաւիտենական թուող գոյավիճակին: Ան յաղթանակն էր կայսրութիւններու միջեւ տուայտող հայրենիքին, Սփիւռքին եւ այդ երկու ճնշիչ իրականութիւններուն դէմ տեւաբար ըմբոստացող մեր երիտասարդութեան: Այդպէս էին 1918-ի անկախութեան մեր ճակատամարտերը` Սարդարապատն, Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսան: Այդպէս էր Վանի Հերոսամարտը: Այդպէս էին բոլոր մեր հերոսամարտերը` Մուսա Լեռը, Շապին Գարահիսարը, Ուրֆան, Հաճընը Այնթապը Մարաշը: Այդպէս էր Վարդանանց մեծ սխրագործութիւնը:

Հետեւաբար ազգովին պիտի ընդունինք, որ նոր ժամանակներու մեր պատմութեան անցման պահն էր Շուշին: Այսօրուան մեր անկախ պետականութեան` կրակի մկրտութի՛ւնը: Բայց մանաւանդ պիտի ընդունինք, որ Շուշին մեր դասագիրքն է ըլլալու այսօրուան եւ վաղուան համար: Շուշիի հրամանատարներն ու մարտիկները (անկախ իրենցմէ ամէն մէկուն քաղաքական դաւանանքէն` այսօր) հիմը դրին մեր ազգային ազատագրական շարժման նոր դպրոցին: Անկաշկանդ մտածողութեան նոր ուխտի՛ն, որ կը պատգամէ, թէ չկայ բան, որ մենք ազգովին չկարողանանք իրագործել: Այն ուխտին, որ կ՛ըսէ, թէ մենք ինքնե՛րս ենք ճշդելու մեր անկախ պետականութեան անվտանգութեան սահմանագիծը: Մե՛նք ենք գրելու մեր օրինագիրքը: Մենք ենք դարբնելու մեր ճակատագիրը: Մենք ենք վճռելու մեր պատմութիւնը:

Մենք այս չափանիշը նուաճած ենք Շուշիի մեր ամրոցի պատերուն տակ, եւ այդ նոյն չափանիշով պիտի գործէ մեր ազգային քաղաքականութիւնը ամէնուրեք, ներքին եւ արտաքին ճակատի վրայ եւ անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ է մեր պետականութեան ղեկավար դիրքերուն վրայ այսօր, վաղը եւ ամէն օր: Մեր ազգը պիտի չնահանջէ այդ դիրքերէն: Արեամբ նուաճուած ազգային չափանիշները պիտի չխախտին: Մենք այլեւս Շուշի՛ն ենք եւ Շուշին մե՛նք ենք, մէկ ու անբաժանելի իրարմէ: Արիւնը արիւնէն եւ ոսկորը` ոսկորէն: Շուշիի գաղափարախօսութիւնը հաստատուած է ցկեա՛նս:

Յաւե՜րժ յարգանք` մեր ազատութեան մարտիկներուն:

9 մայիս, 2019 Ուաշինկթըն

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մամուլին Մէջի Մշակութային Կեանքէն Նմուշներ` Հնագիտական, Գրական, Թատրոն Եւ Հանրային Գրադարաններ Բ.

Յաջորդը

«Հայ Ժողովրդին Պէտք Է Վերադարձուեն Իր Կրած Ցաւի Հատուցումը Եւ Իր Պապենական Հողերը»

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.