Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ` Յարգելու Պոլսոյ Մէջ Ընտրութիւնը Կրկնելու Որոշումը

May 10, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ երէկ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց «յարգելու» երկրին Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի Պոլսոյ մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմինի ընտրութիւնը կրկնելու որոշումը:

«Բոլորը պէտք է յարգեն որոշումը Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին, որ մեր սահմանադրութեան հիմամբ լիազօրուած է քննելու եւ հսկելու ընտրութիւններուն, եւ որուն անդամները ընտրուած են արդարադատական բարձր մարմիններէն», ըսաւ Աքսոյ գրաւոր յայտարարութեան մը մէջ:

Ան աւելցուց, որ ազատ ու ժողովրդավարական ընտրութիւնները Թուրքիոյ պետական աւանդութեան անբաժան մասը կը կազմեն` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր ընտրութեան ընթացքին մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը թուրք ժողովուրդին ժողովրդավարութեան նկատմամբ յանձնառութիւնն ու ընտրական համակարգին նկատմամբ վստահութեան ցուցանիշն է:

Ըստ անոր, Պոլսոյ մէջ ընտրութիւնը կրկնելու որոշումը 31 մարտի ընտրութեան մէջ «անօրինական տարրերու» նշմարման պատճառով է եւ «ընտրական արդիւնքներէն անկախ է»:

Աքսոյ շեշտեց, որ նոյնպիսի դէպքեր պատահած են Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ, եւ անոնք լուծուած են ժողովրդավարական կանոններու շրջագիծին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակըս մէկ օր առաջ Պոլսոյ մէջ ընտրութեան կրկնութեան որոշումին մասին յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած էր. «Մենք, Թուրքիոյ այլ բարեկամներուն նման, այս արտասովոր որոշումի երեւոյթը արձանագրած ենք»:

«Թուրքիան երկարատեւ, հպարտ ժողովրդավարական աւանդութիւն մը ունի: Թրքական իշխանութիւնները կը յորդորենք այս ընտրութիւնը կատարել իր օրէնքներուն, ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ իր յանձնառութիւններուն եւ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից իր կարգավիճակի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան իր ձգտումին համահունչ կերպով», յայտարարած էր ան:

 

Նախորդը

Փեսքով Չի Բացառեր Փութին-Փոմփէօ Հանդիպումը

Յաջորդը

Սուրիական Բանակը Մուտք Գործեց Մատիք Գիւղ Եւ Անոր Պատմական Բերդը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.