ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր աշխատանքային խմբակին մէջ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Դուրս ելէք ձեր միջավայրէն ու ծանօթացէք նոր անձերու: Ձեր սուղ ժամանակը նստելով մի՛ անցընէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ճշդեցէք ձեր առաջնահերթութիւնները, ապա սկսեցէք աշխատիլ: Հակասական տրամադրութիւններ պիտի ունենաք այս օրերուն: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքի անդամներուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Բարի անակնկալներով լեցուն պիտի ըլլան ձեր օրերը այս շրջանին: Կեանքի նոր փուլ մը պիտի սկսի ձեզի համար: Խաղաղ եւ հանգիստ պահեցէք ձեր խիղճը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարեւոր տեղեկութիւններ պիտի ստանաք ձեր գործին վերաբերեալ, զանոնք օգտագործեցէք ի շահ ձեզի: Ձեր հաճոյքը պիտի գտնէք մշակութային ձեռնարկի մը մասնակցելով:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Առիթը օգտագործեցէք` զարգացնելու ձեր կեանքին մէջ որոշ պայմաններ: Պիտի հանդիպիք անձի մը, որ շուտով ձեր սրտին մէջ պիտի մտնէ եւ ձեր կեանքը պիտի փոխէ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր հարցերուն լուծում պիտի գտնէք: Նոր առիթներ ձեռք պիտի ձգէք` զարգացնելու ձեր գործը: Հրաւէրներ պիտի ստանաք: Հաճելի անակնկալ մը պիտի ուրախացնէ ձեզ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ոչ վստահելի մարդոց հետ գործի մի՛ սկսիք, որովհետեւ շուտով կրնաք զղջալ: Ձեր կողակիցին հետ հանգիստի պիտի երթաք: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Աստղերը պիտի ժպտին ձեզի, եւ բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս շրջանին: Նոր պատասխանատուութիւններ պիտի ստանձնէք: Մի՛ ընդունիք գործի նոր առիթները, անոնք կրնան խաբկանք ըլլալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Իրապաշտ եւ իմաստուն եղէք այս օրերուն: Նոր յոյս մը պիտի ուրուագծուի ձեր երկնակամարին վրայ: Երախտապարտ եղէք այն անձերուն, որոնք օգտակար դարձան ձեր յաջողութեան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Հոգ պիտի տանիք ձեր հարազատներէն մէկուն: Տօնական մթնոլորտի մէջ պիտի ըլլաք: Պիտի մշակէք ընկերային նոր յարաբերութիւն մը, որ մեծապէս պիտի փոխէ ձեր կեանքը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Նոր հանդիպում մը պիտի ունենաք եւ նիւթական գնահատական մը պիտի ստանաք: Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր առած որոշումները: Պատրաստ եղէք որեւէ անակնկալի:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Դասաւորեցէք ձեր ժամանակն ու ընելիքները: Թոյլ մի՛ տաք քաոսային մթնոլորտ տիրէ ձեր կեանքին մէջ: Ձեր անցեալը քննադատողներուն կարեւորութիւն մի՛ տաք:
