Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՈՅՍԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

December 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի ուսուցչական կազմին, ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակէն ներս իրագործուեցաւ հանդիսութիւն մը` Սուրբ Ծնունդի մեծադիր մսուրը ամբողջացնելու նպատակով:

Հրաւիրուած էին պատկան մարմինները, ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններու վարչութիւնները` հաղորդուելու Սուրբ Ծնունդի խորհուրդով:

Մթութեան մէջ պլպլացող լոյսով ներկաները խմբուեցան մսուրին շուրջ: Եկեղեցւոյ ղօղանջով Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպիրները ջահերով մօտեցան մսուրին եւ հնչեցուցին «Խորհուրդ մեծ»-ն ու Սուրբ Ծնունդի այլ շարականներն ու երգեր` նուագակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:

Վարժարանի ուսուցչուհիներէն Իրմա Տէտէեան ներկայացուց Սուրբ Ծնունդի պատմութիւնը իր խորհուրդով, որմէ ետք վարժարանի աշակերտները ուղեկցեցան մարմիններու, վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն` տեղադրելու համար մսուրին կեանք տուող կերպարները` Սուրբ Յովսէփը, Մարիամ Աստուածածինը, Յիսուս մանուկը, մոգերը, հովիւները, հրեշտակը, ապա լուսաւորուեցաւ մսուրը գոյնզգոյն լոյսերով եւ ջահով:

Ջութակահար Խաժակ Խաչատուրեան ներկայացուց կարգ մը հայկական մեղեդիներ, որմէ ետք վարժարանի տնօրէնուհի Գեղանի Էթիեմեզեան շնորհաւորեց ուսուցչական կազմը, որ ոչ միայն չի կրկներ ինքզինք, այլ տարուէ տարի գեղագիտական նրբութիւններու հետամուտ, հաւաքական ճիգով առաւել տպաւորիչ կը դարձնէ իր նախաձեռնութիւնները: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական յայտագրին սիրայօժար իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն, ներկաներուն, որոնք բաժնած էին լոյսի աւետման խնդութեան այս հանդիսութիւնը: Գեղարուեստական յայտագիրը եզրափակուեցաւ ուսուցիչներու մոմավառութեամբ:

Ներկաները պատուուեցան Սուրբ Ծնունդի հիւրասիրութեամբ եւ շնորհաւորեցին ուսուցիչները, որոնք նման նախաձեռնութեամբ յաջողեցան համակել ներկաները Սուրբ Ծնունդի լոյսով եւ խնդութեամբ:

Նախորդը

ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՍԱՆ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԷ» ԾՐԱԳՐԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Յաջորդը

ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ – Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃ. ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇ` ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.