Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱՒԵՏ. Փ. ԵՒ Է. ԹՈՐՈՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ՇԱՐՔԸ` ԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ

December 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1951-ին հիմնադրուած Հայ աւետ. Թորոսեան վարժարանի 60-ամեակին առիթով , յատուկ յանձնախումբի կողմէ, այս տարուան համար ծրագրուած էր ձեռնարկներու շարք մը:

Առաջինը մտերմիկ հաւաք մըն էր, որ կը խորհրդանշէր շրջանաւարտներու երախտագիտութիւնը հարազատ վարժարանին: Երկրորդը աշխատասիրութիւնը դրուատող երաժշտական թատերախաղի մը ներկայացումն էր` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:

Ս. Զատկուան տօնավաճառին, այնուհետեւ մայրերու օրը կազմակերպուած նախաճաշին զուգահեռ, ծրագրուեցան«Դէպի Պատմական Հայաստան» շրջապտոյտի եւ վարժարանի տարեգիրքին պատրաստութեան աշխատանքները:

Շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2011-ին Քասլիքի «Սենչըրի Փարք» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթով ամբողջացաւ վարժարանի յոբելեանական ձեռնարկներուն շարքը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելիքի Հայ աւետ. եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ նախագահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեան, Աւստրալիայէն ժամանած, Սիտնիի մէջ գործող հոգեւոր հովիւ վեր. Գրիգոր Եումուշաքեան, տնօրէններ, հոգաբարձուներ, եկեղեցիներու հովիւներ, շրջանաւարտներ եւ Թորոսեան վարժարանի ընտանիքի անդամներ:

60-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Անի Պապօղլանեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհաւորեց ներկաները վարժարանի փառապանծ յոբելեանին առիթով:

Վեր. Յովհաննէս Սվաճեանի աղօթքէն ետք վարժարանի տնօրէնուհի Սեդա Գարակէօզեան ողջունելով ներկաները եւ հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացնելով վարժարանի ստեղծման պատմութիւնը` յիշեց կրթօճախի կենսագրութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցած երախտաւորները` վեր. Ենովք Հատիտեանը, Մելքիսեթեան ընտանիքը, Օգոստին Պետիրը եւ այլք:

Տնօրէնուհին խորապէս գնահատեց վարժարանի յառաջընթացը խթանող գործիչները, բարերարները, նուիրատուները, հոգաբարձութեան անդամները, ուսուցիչները, յիշեց վարժարանի շրջանաւարտ բժիշկներն ու զինուորները, կրթական, քաղաքական, գիտական, մարզական ու մշակութային գործիչները:

Բոլոր ձեռքբերումներուն համար շնորհակալութիւն յայտնելով` տնօրէնուհին խօսեցաւ նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու մասին, ապա խօսքը փոխանցեց Վեր. Գրիգոր Եումուշաքեանին:

Օրուան հիւրը խօսեցաւ զոհողութեան եւ հաւատարմութեան, ժամանակի հետ նորոգուելու, տնօրինման նոր եղանակներու, ապա համաշխարային յառաջընթացին հետ քայլ պահելու հրամայականին մասին: Այնուհետեւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան խօսեցաւ Հայ աւետ. կրթական եւ հոգեւոր արժէքներուն կառչած մնալու հրամայականին, եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրելու անհրաժեշտութեան մասին:

Գեղարուեստական յայտագիրը կը սկսէր Շահան Քիլաղպեանի եւ վարժարանի շրջանաւարտ Արեգ Գարակէօզեանի հայկական երաժշտութեան շարքով:Ապա կը շարունակուէր վարժարանի շրջանաւարտներ, սիրուած երգիչ Հրաչ Կայծակեանի եւ Սարին Արթինեանի ելոյթներով` մասնակցութեամբ «Հայ պար» համոյթին:

Ճաշկերոյթի աւարտին հատուող կարկանդակը խորհրդանիշն էր 60-ամեայ վարժարանի փառապանծ անցեալին, քաղցր յուշերու եւ ապագայի այն լուսաւոր տեսլականին, որուն շուրջ խմբուած էր Հայ աւետարանական Թորոսեան միջնակարգ վարժարանի մեծ ընտանիքը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ. «Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷՐ ՅԻՍՈՒՍ». ԱՀԱՒԱՍԻԿ ՆՈՐ ԿԱՐԳԱԽՕՍ ՄԸ

Յաջորդը

ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՍԱՆ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԷ» ԾՐԱԳՐԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.