Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայերը Կը Յիշեն… Մենք Մոռցա՛նք» Շեշտեց Նաամթալլա Ապի Նասըր

April 26, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով, Մարոնիներու լիկայի նորընտիր նախագահ Նաամթալլա Ապի Նասըր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչումը հայ-լիբանանեան պատմութեան շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ եւ ուղղակիօրէն կապուած է Արեւելքի հարցին հետ` նկատի ունենալով Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն, իսկ ներկայիս` իսլամական աշխարհին մէջ անոնց իրավիճակը:

«Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով լուսարձակի տակ կ՛առնուին այն բոլոր տառապանքները, որոնք հայ ժողովուրդը դիմագրաւեց` ի խնդիր հաւատքի, ազատութեան, պատկանելիութեան, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութեան, արժանապատուութեան եւ անկախութեան պահպանման:

«Հարիւրամեակ մը առաջ Պոլսոյ կառավարիչները որոշեցին ցեղասպանութեան ենթարկել հայերը եւ բոլոր այն քրիստոնեաները, որոնք կը գտնուէին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ: Այդ նպատակով, անոնք ամէն տեսակի չար միջոցի եւ վայրագութեան դիմեցին:

«Լեռնալիբանանը, ուր լիբանանահայութեան նախահայրերը ապաստանեցան, աւելի փայլուն ճակատագիր մը չունէր, որովհետեւ 1915-1918 Ճեմալ փաշայի իշխանութեան օրերուն ենթարկուած էր սովի:

«Հետեւաբար հարց կու տամ լիբանանցի պատասխանատուներուն, որ արդեօք մեր նախահայրերուն ենթարկուած բոլոր այդ տառապանքները արժանի չե՞ն, որ անոնց համար յիշատակի օր մը հաստատուի: Կ՛արժէ, որ մենք ուսանելի դասեր քաղենք հայ ժողովուրդէն եւ դուրս գանք իբրեւ լիբանանցիներ, յատկապէս մարոնիներ, մեր յիշողութիւնը կորսնցուցած ըլլալու իրականութենէն:

«Նախապէս խորհրդարանին ներկայացուցած եմ թիւ 235 օրինագիծը, որուն մէջ պահանջած եմ Լիբանանի սովի յիշատակի օրուան ճշդումը: Այդ օրինագիծը ստորագրած են ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ Մոհամետ Հաժժար, Ապպաս Հաշեմ, Մարուան Համատէ, Ղասսան Մուխայպեր, Նեպիլ Նիքոլա, Էլի Աուն եւ Հիքմաթ Տիպ: Օրին այդ օրինագիծը քննարկուեցաւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ, եւ խորհրդարանի նախագահը համաձայն գտնուեցաւ անոր անուանումը փոփոխութեան ենթարկելու եւ զայն կոչելու «1915-1918 շրջանին Լիբանանի վրայ Համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքներու յիշատակի օր»: Հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ այս օրինակը չներկայացուի խորհրդարանին գումարելիք յաջորդ օրէնսդրական նիստին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակին Առիթով. Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Համախմբումը Զօրակցութիւն Յայտնեց Հայութեան

Յաջորդը

Ընկերային Ցանցերու Վրայ Գրառումներ` Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.